Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թէյմուր Ժոմպլաթ` Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Ղեկավար

June 26, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուրջ ամիս մը առաջ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հրաժարականէն ետք, կուսակցութիւնը երէկ կատարեց նոր նախագահի ընտրութիւնը, Այն Զհալթայի մէջ:

Մրցակիցի չգոյութեան պատճառով, ընտրութեան յաղթանակ արձանագրեց Ուալիտ Ժոմպլաթի որդին, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմլաթ, որ կը նախագահէ նաեւ կուսակցութեան պատկանող Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը:

1977-էն ի վեր կուսակցութեան նախագահած իր հօր` Ուալիտ Ժոմպլաթի յաջորդեց Թէյմուր Ժոմպլաթ:

Զաֆեր Նասեր դարձեալ մրցակիցի չգոյութեան պատճառով ընտրուեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար, իսկ Հապուպա Աուն եւ Զահեր Ռաատ ընտրուեցան կուսակցութեան փոխնախագահներ:

Ղեկավար խորհուրդի անդամներ ընտրուեցան Նաշաթ Հասանիէ, Մոհամետ Պասպուս, Ռիմա Սալիպա, Մարուա Ապու Ֆրաժ, Լամալ Հրէյզ, Ռենա Հասանիէ, Քամել Ղոսէյնի եւ Հիւսէյն Իտրիս:

Այս առիթով Ուալիտ Ժոմպլաթ ըսաւ. «Կը մաղթենք, որ մեր երթը շարունակուի այն ուժերուն հետ, որոնց հետ մենք ձախողցուցինք 17 մայիսի կարգախօսը: Մեր կարգախօսն էր շարունակել Լիբանանի արաբականութեան, բարգաւաճման եւ ժողովրդավարութիւնը պաշտպանելու պայքարը, որուն շարքին կը գտնուէր նաեւ քաղաքական համայնքայնութիւնը թօթափելու կարեւորութիւնը` հասնելով մինչեւ քաղաքացիներուն միջեւ հաւասարութեան հաստատումին»:

Ժոմպլաթ նշեց, որ իրենց նպատակն էր գործադրել ընկերային ամէնէն արդար եւ յառաջդիմած ընկերվարական վարչակարգը: Ան անհրաժեշտ նկատեց պետական մարզի պահպանումը, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան եւ կրթութեան մարզերն ու Լիբանանեան համալսարանը բարգաւաճեցնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը խտրութենէ փրկել:

Ժոմպլաթ շեշտեց, որ համաձայնութեան յանգելու եւ հաշտութիւն գոյացնելու միջակ միջոցը երկխօսութիւնն է` ընդգծելով, որ իսրայէլեան բռնագրաւումէն Մազարեհ Շեպաայի եւ Քֆարշուպայի բարձունքներուն առանց նախապայմանի ազատագրումը երկրի սահմանագծումին մաս կը կազմէ:

Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ բաժանումի ու դաշնակցային դրութեան մերժումը չեն նշանակեր փախուստ տալ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան հաստատումէն, հաւասարակշռուած բարգաւաճումի իրագործումէն եւ Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութենէն:

Ժոմպլաթ ընդգծեց ժողովուրդներու գոյատեւման ազատութեան իրաւունքին զօրակցութիւնը` աւելցնելով, որ սուրիացի ժողովուրդը իրաւունք ունի դիմադրելու իր դէմ գործադրուող բռնատիրութեան:

Անդրադառնալով պաղեստինեան իրադարձութիւններուն` Ժոմպլաթ հաստատեց, որ պատահարները ցոյց կու տան զոյգ պետութիւններու ստեղծման վերջն ու Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնը վիժեցնելու քայլը:

Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց բոլորին նիւթապէս ու զէնքով զօրակցելու Պաղեստինին, որպէսզի կարելի ըլլայ պաղեստինեան հողերը ազատագրել:

Իր կարգին, Թէյմուր Ժոմպլաթ հաստատեց, որ կառչած պիտի մնան ժողովրդավարութեան եւ արաբականութեան արժէքներուն` ցեղապաշտութեան եւ քարացած վարչակարգերուն դիմաց:

«Մենք Պաղեստինի դրօշը բարձր պիտի պահենք եւ ընկերվարական մարդկային սկզբունքներով պիտի առաջնորդուինք: Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորիդ կուսակցութեան իսկական ոգիով եւ միասնականութեամբ շարունակելու աշխատանքը եւ կուսակցութեան դրօշին ներքեւ գործելու, վերջ տալով տարբեր սերունդներու միջեւ ստեղծուած վիհին», ըսաւ ան:

Թէյմուր Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իրենք պիտի ուղղուին ամբողջացնելու նախագահական ընտրութիւնը` իրականացնելու համար տնտեսական բարեկարգում եւ ապահովելու համար քաղաքացիներուն իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը:

«Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը պիտի մնայ Լիբանանի արաբականութեան, քաղաքացիական հաւասարութեան, հաստատութենական պետութեան եւ իսկական երկխօսութեան համար պայքարող կուսակցութիւնը` մերժելով դատարկութեան եւ խոչընդոտումի քաղաքականութիւնը», ընդգծեց Թէյմուր Ժոմպլաթ:

 

Նախորդը

«Լիբանան Կը Կազմաքանդուի Կարգ Մը Քաղաքական Անձնաւորութիւններու Յամառութեան Եւ Անձնական Շահերուն Պատճառով» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Յաջորդը

Լիբանան Կատարած Իր Այցելութեան Աւարտին. «Պիտի Ջանամ Լիբանանցիներուն Միջեւ Երկխօսութեան Կայացումը Դիւրացնել Եւ Մօտիկ Ապագային Պիտի Վերադառնամ Պէյրութ» Շեշտեց Լը Տըրիան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.