Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ուքրանական զինեալ ուժերը կը շարունակեն Տոնեցքի, Քրասնի Լիմանի, Հարաւային Տոնեցքի եւ Զափորոժիէի ճակատներուն վրայ յարձակումի գործողութիւններու փորձերը:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ռուսական զինեալ ուժերը Տոնեցքի մէջ Պախմութ քաղաքին մօտ յաջողած են մէկ օրուան մէջ ուքրանական ուժերու 14 յարձակումներ ետ մղել:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ կռիւներու ընթացքին ուքրանական ուժերը կորսնցուցած են 430 զինուոր, 11 զինուորական փոխադրակառքեր, 7 մեքենաներ, 3 փոքր բեռնակառքեր եւ «Հաուպից Տի-30» հրետանի մը:


