Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի մարոքցի յետսապահ Աշրաֆ Հաքիմի, շատ հաւանաբար իր կազմը լքելով միանայ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիին:
Մանչեսթըրեան կազմի մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա փոխարինող մը կը փնտռէ անգլիացի յետսապահ Քայլ Ուոքըրին եւ փորթուգալցի յետսապահ Ժոաու Քանսելուին, որոնք այս ամրան ընթացքին պիտի հեռանան խումբէն:
Հակառակ անոր որ փարիզեան կազմը իր ֆութպոլիստին փոխանցման համար բաւական մեծ գումար կը պահանջէ, բայց անգլիական ակումբը պատրաստ է անոր պահանջած գումարը վճարելու, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
«Թրանսֆերմարքթ» անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատէ 70 միլիոն եւրոյով:


