«Երէկ հետեւած եմ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան պարեկութեան. մենք տեսած ենք Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ամբողջական փակումը», այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Եւրոպական խորհրդարանի պաշտպանութեան հարցերով ենթայանձնախումբի նախագահ Նաթալի Լուազօ, որ այցելութեամբ կը գտնուէր Հայաստան:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 120 հազար հայ կտրուած է ամէն ինչէ: Ռուս զինուորները, որոնք պէտք է զանոնք պաշտպանեն, անգործ են. Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը ճշգրիտ կը փաստագրէ կացութիւնը, եւ Հայաստանը կ՛ողջունէ անոր ներկայութիւնը: Այսպիսով, եւրոպական կառոյցները լիովին տեղեկացուած են կացութեան մասին: Անոնց արձագանգը համարժէք չէ մարդասիրական ճգնաժամին եւ նկատուող ռազմական լարուածութեան», գրած է Լուազօ:


