Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցող եւրոպական երրորդ խաղերուն վերջ գտան Եւրոպայի աթլեթիզմի խմբային ախոյեանութեան մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ Հայաստանի խումբը, որ մասնակցեցաւ Գ. դասակարգի մրցումներուն, գրաւեց 10-րդ դիրքը:
4 x 400 մեթր փոխանցավազքի մրցումներուն մասնակցող Հայաստանի քառեակը, արձանագրելով 3′ 29” 99 արդիւնք մը, գրաւեց առաջին դիրքը, վերջնական արդիւնքով Բ. խմբակին մէջ գրաւելով 5-րդ դիրքը:
Հայրենի մարզիկները 3 երկվայրկեանի տարբերութեամբ գերազանցեցին Ազրպէյճանի խումբը:
Հայ մարզիկներու ելոյթներուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպերթ Էմմիեան, ընդհանուր քարտուղարը, պատուիրակութեան մաս կազմող այլ անձնաւորութիւններ եւ հայրենի հանդիսատեսներ:


