Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Ներկայացուցած Է Թեհրանի Մէջ Իր Դեսպանատունը Վերաբանալու Պայմանները

June 23, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան յայտարարած է, որ Իրան պարտաւոր է ապահովել Թեհրանի մէջ ազրպէյճանական դեսպանատան անվտանգ աշխատանքի պայմանները: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան 12 յունիսին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Նախարարութիւնը կը նշէ, որ Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ վերջին ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած են հաղորդակցութիւններ, ներառեալ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յիշեցուցած է, որ այս տարուան յունուարին Թեհրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը յարձակումի ենթարկուած է, եւ Պաքուն կը սպասէ այդ յանցագործութեան հետաքննութեան աւարտին:

«Յարձակումին հետ առնչութիւն ունեցող բոլոր կասկածելիները պէտք է պատասխանատուութեան կանչուին եւ խստօրէն պատժուին: Ազրպէյճանական կողմը պէտք է համոզուի, որ Թեհրան կ՛երաշխաւորէ դեսպանատան անվտանգ աշխատանքը», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Յիշեցնենք, որ 27 յունուար 2023-ին Քալաշնիքով գնդացիրով զինուած անձ մը յարձակած էր դեսպանատան վրայ, փոխադարձ կրակոցի ընթացքին սպաննուած էր դեսպանատան պահակախումբի ղեկավար Օրխան Ասքերով, եւս երկու անձեր վիրաւորուած էին: Յարձակողին ձերբակալած էին եւ յանձնած իրանցի ոստիկաններուն:

Իրանեան աղբիւրներու համաձայն, յարձակումը կատարած է Ազրպէյճանի քաղաքացի 50-ամեայ Եասին Հուսէյնզատէ, որ իր քայլը բացատրած է անձնական-ընտանեկան հանգամանքներով: Պաքուն, սակայն, տեղի ունեցածը գնահատած է իբրեւ ահաբեկչութիւն եւ իր դիւանագէտները հեռացուցած Թեհրանէն:

 

 

Նախորդը

Մեկնարկը Տրուեցաւ Եւրոպական Երրորդ Խաղերուն

Յաջորդը

Մըքտատ Սէուտական-Սուրիական Յարաբերութիւններու Արաբական Ու Արտաքին Բոլոր Քաղաքականութիւններուն Մէջ Փոխլրացման Փուլ Հասնելու Փափաք Կը Յայտնէ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.