Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի լաւագոյն իրաւարար ընտրուեցաւ Հենրիկ Նալբանդեան:
Լաւագոյն իրաւարարի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ` նկատի առնելով իրաւարարներուն սուլած մրցումներուն քանակը, արդիւնքները եւ անոնց ստացած միջին գնահատականները:
Իսկ տարեշրջանի լաւագոյն օգնական իրաւարարը ընտրուեցաւ Մեսրոպ Ղազարեան:


