Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եօթներու Խմբակ»-ի Արտաքին Գործոց Նախարարները Այսօր Բրիտանիոյ Մէջ Կը Գումարեն 2023-ի Ընթացքին Իրենց 3-րդ Ժողովը

June 21, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճափոնի արտաքին գործոց նախարար Եոսիմասա Հայասի 21 յունիսին Բրիտանիա այցելութեան ընթացքին պիտի նախագահէ «Եօթներու խմբակ»-ի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«21 յունիսին արտաքին գործոց նախարար Հայասի պիտի մասնակցի Ուքրանիոյ վերականգնման նուիրուած խորհրդաժողովին, որ միասնաբար կը կազմակերպեն Բրիտանիոյ եւ Ուքրանիոյ կառավարութիւնները: Նախարարը նաեւ պիտի օգտուի Բրիտանիա կատարած իր այցելութեան կարելիութենէն` Ճափոնի նախագահութեամբ «Եօթներու խմբակ»-ի արտաքին գործոց նախարարներու այս տարուան երրորդ հանդիպումը կատարելու համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հայասի Բրիտանիա պիտի այցելէ մասնակցելու Ուքրանիոյ վերականգնման նուիրուած խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 21-22 յունիսին Լոնտոնի մէջ:

Ըստ «Էն.Էյչ.Քէյ.» պատկերասփիւռի կայանին, ձեռնարկին կրնան մասնակցիլ քանի մը ճափոնական կառավարական կազմակերպութիւններ, ներառեալ Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութիւնը, ինչպէս նաեւ շինարարութեան եւ բժշկութեան ոլորտներուն մէջ ներգրաւուած շուրջ 20 ընկերութիւններ:

Անոնք կը քննարկեն փլատակներու հեռացման, ականազերծման, ենթակառոյցներու վերականգնման մասնակցելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ հեռաբժշկութեան ծառայութիւններու տրամադրման հարցը` բժիշկներու պակասի խնդիրը լուծելու համար:

Ճափոն այս տարի կը նախագահէ «Եօթներու խմբակ»-ին, եւ 19-21 մայիսին խմբակի վեհաժողովը գումարած է Հիրոշիմայի մէջ: Արտաքին գործոց նախարարներու նիստը տեղի ունեցած է 16-18 ապրիլին Ճափոնի Քարուիձաւա քաղաքին մէջ, «Եօթներու խմբակ»-ի արտաքին գործոց նախարարներու մէկ այլ հանդիպում տեղի ունեցած է փետրուարին` Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովի ընթացքին:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի 18 Տարեկանէն Վար Տղոց Խումբը Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Յաջորդը

Սահմանազատման Շուրջ Վրաց-Ազրպէյճանական Քննարկումները Վերսկսած Են

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.