Իտալական Ա. Էս. Ռոմայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իտալացի միջնապահ Պրայըն Քրիսթանթէի հետ:
Այսպիսով, 28 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմին հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2027:
2022-2023 տարեշրջանին ան իր կազմին հետ կատարեց 53 մրցում, նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ:
«Թրանսֆերմարքթ»-ի կողմէ անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 20 միլիոն եւրոյով:


