Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Մարթինիէի Հետ Քննարկեց Թիւ 9 Նաւթահորին Մէջ Պեղումները Սկսելու Աշխատանքին Մանրամասնութիւնները

June 20, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց «Թոթալ Լիբանան»-ի ընդհանուր տնօրէն Ռոման տը լա Մարթինիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող թիւ 9 նաւթահորին մէջ պեղումները սկսելու աշխատանքին մանրամասնութիւնները:

Կը նախատեսուի, որ «Թրենս օշըն պերընց» հորատումի հարթակը լիբանանեան ջուրեր հասնի օգոստոս 2023-ին:

Մարթինիէ յայտնեց, որ ներկայիս «Թոթալ» ընկերութեան կողմէ նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են` դիւրացնելու համար հորատումի հոլովոյթը:

Միքաթիի այցելեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ` ընկերակցութեամբ երեսփոխաններ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ Հատի Ապուլ Հասանի:

Վարչապետի պաշտօնակատարը ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած «Սուրիոյ եւ շրջանի ապագային օժանդակելու» յատուկ խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները:

Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Ռընէ Փոլ Էմրին` ներկայութեամբ նախկին երեսփոխան Միշել Ֆարաոնի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միքաթիի այցելեցին նաեւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Պասսամ Պըտրան եւ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներու լիկայի նախագահ Անթուան Շարպել:

Միւս կողմէ, Ատհայի տօնին առիթով Միքաթի հրապարակեց պաշտօնական շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան 28-30 յունիս 2023:

 

 

Նախորդը

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալած Են Աւելի Քան 50 Գողութիւն Կատարած Աւազակախումբի Մը Պետը

Յաջորդը

Լը Տըրիան Նոր Նախաձեռնութեամբ Մը Կ՛այցելէ Լիբանան

RelatedPosts

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Ճակատումի Վճռումէն Առաջ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի»

October 22, 2026
Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական  Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները,  Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ  Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»
Լիբանանեան

Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները, Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.