Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ղազի Արիտի: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:


