Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ. «Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել չի փափաքիր Սուրիոյ վարչակարգին հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում կատարել, եւ ան այդ կեցուածքին մէջ ազատ է: Սակայն այն տեսակէտը, թէ սուրիացի տեղահանուածները պէտք է պահել զանոնք հիւրընկալող երկիրներուն մէջ եւ անոնց տունդարձը ուղղակիօրէն առնչել Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման, ապա անիկա մեր որոշումն է եւ մեր հայրենիքին ճակատագիրը: Կտրականապէս կը մերժենք այդ մօտեցումը, ինչպէս նաեւ կը մերժենք, որ Լիբանան վճարէ Սուրիոյ դէմ սանձազերծուած պատերազմին գինը»:
Զօր. Աունի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նկատել տրուեցաւ, որ սուրիացի տեղահանուածները լիբանանեան հասարակութեան մէջ համարկելու ծրագիրը կը նշանակէ ծրագրուած կերպով քանդել Լիբանանը:
«Ո՞վ արտօնած է Ֆրանսային եւ Գերմանիոյ` Լիբանանի ազգային ինքնորոշման իրաւունքին հետ խաղալ: Ինչի՞ համար եւ որո՞ւն շահերը ապահովելու: Ի՞նչ ապագայի մասին է, որ կը խօսիք` Սուրիոյ եւ Լիբանանի համար, երբ կը ջանաք քանդել զոյգ երկիրներուն հիւսուածքն ու հարուածել անոնց գոյութեան հիմքերը», հարցեր տրուեցան հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ սուրիացի տեղահանուածները համարկելու ծրագիրը կը ջնջէ տեղահանուածներու տունդարձի կարելիութիւնը, որ իր հետեւանքները կրնայ ունենալ Լիբանանի եւ Սուրիոյ վրայ` տարբեր առումներով` շեշտելով, որ նման որոշում պէտք է արժանանայ ե՛ւ Լիբանանի, ե՛ւ Սուրիոյ մերժումին, ինչպէս նաեւ երկու պետութիւններուն միջեւ պէտք է համագործակցութիւն ստեղծուի` սուրիացի տեղահանուածներուն արժանապատիւ եւ ապահով տունդարձ ապահովելու նպատակով:


