Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած «Սուրիոյ եւ շրջանի ապագային օժանդակելու» յատուկ խորհրդաժողովին իր մասնակցութեան շրջագիծին մէջ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն մէջ ան շեշտեց, թէ Պէյրութ պահանջած է կատարուած միջազգային օժանդակութիւնները ներդրումային կերպով կատարելու եւ ոչ սպառումի համար:
«Այս իմաստով Լիբանան եւ Յորդանան եւրոպական եւ արեւմտեան երկիրներուն մօտ ըմբռնում մը շօշափած են», ըսաւ ան:
Պու Հապիպ նշեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թիւը կը տարուբերի մէկուկէսէն երկու միլիոնի միջեւ` աւելցնելով, որ անոնց յստակ թիւը ունենալու նպատակով վիճակագրութիւն մը չէ կատարուած, որովհետեւ Լիբանանի մէջ տեղահանուածներու միջազգային գերատեսչութիւնը կը մերժէ այս իմաստով պետութեան հետ գործակցիլ:
Տունդարձ կատարող սուրիացի տեղահանուածներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պու Հապիպ յայտնեց, որ ամսական դրութեամբ 120-150 հազար տեղահանուածներ տունդարձ կը կատարեն: Ան հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ լիբանանեան իշխանութիւնները կը ստիպեն տեղահանուածներուն տունդարձ կատարել:
«Լիբանան սուրիացի տեղահանուածներուն հետ այդպէս չի վարուիր: Սակայն ինչպէս Արեւմուտքի երկիրները, մեր ալ իրաւունքն է իր երկիրը ուղարկել այն քաղաքացին, որ Լիբանանի մէջ կեցութեան փաստաթուղթ չունի», ըսաւ ան:
Պու Հապիպ շեշտեց, որ Սուրիոյ հարցով ստեղծուած արաբ նախարարներու խորհուրդին առած քայլերը պիտի օժանդակեն Դամասկոսի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ հարցերու լուծման:


