ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Քալլաս կոչ ուղղեց համախոհութիւն գոյացնելու եւ երկխօսութիւն կատարելու` խորհրդարանի երդիքին ներքեւ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իսկական երկխօսութիւնը միակ միջոցն է ներքին համախոհութեան յանգելու:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրի կամ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի նախագահական պալատ հասնելով կարելի պիտի չըլլայ փրկել երկիրը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ մեծամտութիւնն ու յամառութիւնը` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւիրած երկխօսութիւնը մերժելու իմաստով, զիրենք հասցուցած են ութամսեայ դատարկութեան փուլի մը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Մըքտատ յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ նախագահական ընտրութեան հզօր ու լուրջ թեկնածու է եւ ոչ թէ մարտահրաւէրի թեկնածու:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապտել Ռահման Պըզրի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ ընկերային իրադարձութիւնները:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան պլոքի երեսփոխան Սելիմ Սայեղ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կոչ ուղղեց լիբանանեան հարցը միջազգայնականացնելու` աւելցնելով, որ նախագահական թեկնածու Ժիհատ Ազուրի ապահոված արդիւնքը դրական էր:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ պատահական համաձայնութիւն վայելող, ինչպէս նաեւ քաղաքական յստակ տեսլական եւ ծրագիր չունեցող նախագահական թեկնածուի մը ի նպաստ քուէարկելը յաւելեալ ժամանակի կորուստ է եւ հարցերու յաւելեալ բարդացումի կ՛առաջնորդէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի շեշտեց, որ քաղաքական ուժերէն ոմանք կը մերժեն երկխօսութեան լեզուն` արտաքին որոշումներու եւ ճնշումներու ենթարկուելու պատճառով:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական տագնապէն կարելի պիտի չըլլայ դուրս գալ առանց ազգային երկխօսութեան, որ նախագահական ընտրութեան առումով դէպի համախոհութիւն առաջնորդող իսկական ուղին կը նկատուի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հալիմա Քաաքուր յայտնեց, որ երկխօսութիւնը կարեւոր է, սակայն ան կարիքը ունի որոշ կանոններու: Քաաքուր աւելցուց, որ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ Փոփոխութեան երեսփոխաններ անունով համախմբում գոյութիւն չունի այլեւս:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ կը սխալի ան, որ կը կարծէ, թէ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրի թեկնածութեան էջը փակուած է, «որովհետեւ անիկա տակաւին իր սկզբնական փուլին մէջ կը գտնուի», յայտնեց ան: Միւս կողմէ, Ատուան նշեց, որ Լիբանան տեղահանուածները հիւրընկալելու երկիր չէ` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի կեցուածքը Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն մասին կտրականապէս մերժելի է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին կոչ ուղղեց լուրջ եւ պատասխանատու երկխօսութիւն կատարելու` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին ընտրելու համար հանրապետութեան նոր նախագահը:
ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ Լիբանան դատապարտուած է գոյատեւելու յստակ հաւասարակշռութեամբ: Ան շեշտեց, որ հակառակորդ քաղաքական ուժերը դուրսէն պարտադրուելիք փոխզիջումնային լուծումի կը սպասեն:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն մասնակցիլ որեւէ օրէնսդրական նիստի` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան որեւէ այլ նիստի հրաւիրուելու պարագային Ժիհատ Ազուրը պիտի ըլլայ իրենց թեկնածուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ արձանագրուած դատարկութիւնը սպաննող է ե՛ւ սահմանադրութեան, ե՛ւ հայրենիքին համար:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ – ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ յայտնեց, որ խորհրդարանը պէտք է ընտրէ հանրապետութեան նախագահ մը, որ մտահոգութիւններ կը փարատէ, փոփոխութիւն եւ բարեկարգում կատարելու կարողութիւն ունի, ինչպէս նաեւ կրնայ գործակցիլ ներդաշնակ եւ կարողութիւններով օժտուած կառավարութեան մը հետ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ անցեալ չորեքշաբթի օրուան նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը փաստեց, որ կարելի չէ լուծումներու յանգիլ` բացի երկխօսութեամբ:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարօ հաստատեց, որ սահմանային Կապոյտ գիծին կայունութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու իմաստով բոլոր կողմերուն յանձնառութիւնը անվիճելի է:


