Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիւլեր. «Շուէտը Պարտաւորութիւնները Կատարելու Պարագային Կրնայ ՕԹԱՆ-ին Միանալ»

June 19, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նոր նշանակուած պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր յայտարարած է, որ Շուէտը պիտի միանայ ՕԹԱՆ-ին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի համար մատրիտեան հռչակագիրով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման պարագային: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Կիւլեր շաբաթ օր յայտնած է, որ ուրբաթ օր Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի պաշտպանութեան նախարարներու հաւաքի ընթացքին իր պաշտօնակիցներուն յայտնած է Անգարայի դիրքորոշումը:

«Մենք ըսած ենք, որ Սթոքհոլմի հետ հանդիպումներուն մէջ մեր աջակցութիւնը յայտնած ենք ՕԹԱՆ-ի բաց դռներու քաղաքականութեան եւ նշած, որ ստանձնած պարտաւորութիւնները կատարելու պարագային Շուէտն ալ Ֆինլանտային նման կրնայ անդամակցիլ դաշինքին», ըսած է նախարարը:

Թուրքիան, Շուէտն ու Ֆինլանտան անցեալ տարուան 28 յունիսին Մատրիտի մէջ կնքած են եռակողմ հռչակագիր մը, որուն համաձայն սկանտինաւեան երկու երկիրները պարտաւորուած են հզօրացնելու պայքարը ահաբեկչութեան դէմ, արտայանձնել Թուրքիոյ մէջ յանցագործներ նկատուող ամբաստանեալները, չսատարել Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) եւ կրօնական ղեկավար Ֆեթհուլլա Կիւլենի հետեւորդներուն: Այդ պարագային Թուրքիան պիտի չառարկէ սկանտինաւեան երկու երկիրներու ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան:

Ֆինլանտան 4 ապրիլ 2023-ին պաշտօնապէս անդամակցած է ՕԹԱՆ-ին:

Նախորդը

Վրաստանի Եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

Պլինքըն Չինաստան Կ՛այցելէ

RelatedPosts

Թրամփ. «Պատրաստ Եմ Չինաստանի Մէջ  Փութինի Եւ Շիի Հետ Հանդիպում Ունենալու»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պատրաստ Եմ Չինաստանի Մէջ Փութինի Եւ Շիի Հետ Հանդիպում Ունենալու»

October 21, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Հեկսեթ Երկուշաբթի Օր Անակնկալ Իսրայէլ  Այցելած Է Եւ Հանդիպում Ունեցած Նեթանիահուի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Հեկսեթ Երկուշաբթի Օր Անակնկալ Իսրայէլ Այցելած Է Եւ Հանդիպում Ունեցած Նեթանիահուի Հետ

October 21, 2026
Արաղչի. «Իրանն Ու Ռուսիան Երբեք  Այսքան Սերտ Կերպով Չեն Գործակցած»
Միջազգային

Արաղչի. «Իրանն Ու Ռուսիան Երբեք Այսքան Սերտ Կերպով Չեն Գործակցած»

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.