Այսօր` Երկուշաբթի, Հայաստան
Կը Հիւրընկալէ Լաթվիան
«ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կատարեց իր երկրորդ մրցումը, երբ Քարտիֆի մէջ հիւրը եղաւ Կալեսի:
Հայրենի կազմը, որ մրցաշարքը սկսած էր պարտութեամբ, արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը` 4-2 արդիւնքով:
Իսկ Կալես, որ իր կատարած նախորդ երկու մրցումներուն արձանագրած էր յաղթանակ մը եւ հաւասարութիւն մը, կրեց մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը:
Ուքրանացի Ալեքսանտր Փեթրաքովի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, որ ունեցաւ շատ լաւ ելոյթ մը, այսպիսով արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը, շնորհիւ ամերիկեան Քոլամպուս Քրուի միջնապահ Լուքաս Սելարայեանի եւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոսի նշանակած կոլերուն:
Սելարայեան իր կոլերը նշանակեց 19-րդ եւ 75-րդ վայրկեաններուն, իսկ Ռանոս իր կոլերը նշանակեց 30-րդ եւ 66-րդ վայրկեաններուն:
Հիւրընկալ կազմը իր կոլերը նշանակեց 10-րդ եւ 72-րդ վայրկեաններուն, մինչ անիկա մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ անոր մէկ մարզիկը 78-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Դ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի համար արձանագրուած այս յաղթանակը եղաւ բաւական կարեւոր, եւ այդ մէկը` Լաթվիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին նախօրեակին, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր` երկուշաբթի, 19 յունիսին, Վազգէն Սարգսեանի հանրապետական մարզադաշտին մէջ, ժամը 19:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ այսօրուան մրցումին բոլոր տոմսերը արդէն իսկ սպառած են:




