Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուահապ. «Արեւմուտքը Կ՛ուզէ Շահագործել Սուրիացի Տեղահանուածը Եւ Ոչ Թէ Ապահովել Անոր Տունդարձը»

June 17, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան խորհրդաժողովին ընթացքին պարզուած է, թէ միջազգային ընտանիքը անպարկեշտ մօտեցում կը ցուցաբերէ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին առնչութեամբ:

Ուահապ նկատել տուաւ, որ Արեւմուտքը կ՛ուզէ շահագործել սուրիացի տեղահանուածը եւ ոչ թէ ապահովել անոր տունդարձը:

Միւս կողմէ, անդրադառնալով չորեքշաբթի, 14 յունիս 2023-ին գումարուած նախագահական նիստին, Ուահապ յայտնեց, որ այդ նիստին ընթացքին Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ հանրապետութեան նախագահ ընտրուած է` աւելցնելով, որ ինք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին խորհուրդ կու տայ` չաճապարելու:

«2005-ին երկրին ելեւմտական փլուզումին հիմերը դրած է ելեւմուտքի նախկին նախարար Ժիհատ Ազուր, իսկ անոնք, որոնք այսօր կը մերժեն Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, անոնց կ՛ըսեմ. եթէ դուք այսօր Ազուրին կը զօրակցիք, ապա մենք կը զօրակցինք Ռիատ Սալամէին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ փոփոխութեան երեսփոխանները քանդումի երեսփոխաններ են:

Ան նկատել տուաւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան համաձայնութիւնը` ներկայ ընդդիմութեան հետ, ժամանակաւոր է եւ պիտի ձախողի` աւելցնելով, որ եթէ լուրջ աշխատանք տարուէր Ֆրենժիէի համար, ապա ան 65 քուէ կը ստանար նախագահական ընտրութեան 12-րդ նիստին:

Այս շրջագիծին մէջ Ուահապ նկատել տուաւ նաեւ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հիմնական յաղթանակ արձանագրողը եղած է նախագահական ընտրութեան վերջին նիստին:

Ան յայտնեց, որ Հարիրի պիտի վերադառնայ լիբանանեան քաղաքական ասպարէզ` մինչ այդ համբերութիւն մաղթելով անոր համակիրներուն:

Ուահապ նշեց, որ խորհրդարանի նիստին ընթացքին հիմնական ձախողութիւն արձանագրողը եղաւ Սամիր Ժահժահ:

Ուահապ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը մօտալուտ չէ, սակայն ամրան ընթացքին երկրին ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ պիտի մնայ` ապահովական կառոյցներուն աշխուժ գործունէութեան եւ ոճրագործներուն արագ բացայայտումին շնորհիւ:

 

Նախորդը

Մուրթատա Մեկնեցաւ Մոսկուա

Յաջորդը

Հաժժար, Աթալլա Եւ Մուրթատա Կը Պատասխանեն Պորելին

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.