Ազրպէյճան պատրաստ է ընդունելու Հայաստանի նշանառութեան խումբը եւ ապահովելու հայ մարզիկներուն անվտանգութիւնը` Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան, այնպէս` ինչպէս մնացեալ մասնակիցները:
Սակայն նշուեցաւ, որ Պաքուի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն համար անվտանգութեան ապահովման լրացուցիչ միջոցառումներ նախատեսուած չեն:
Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Սէյրան Նիկողոսեան նշեց, որ ազրպէյճանական կողմին նամակ մը յղած է եւ անվտանգութեան երաշխիքներ ուզած, սակայն ցարդ պատասխան չէ ստացած:
Նշենք, որ Պաքուի մէջ աշխարհի նշանառութեան ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 14 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր:


