Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի 59-րդ Լսարան. «Գերազանցութեան Կղզիներ Կան Հայաստանի Մէջ. Աշխատանքային Վարքագիծ Եւ Մշակոյթ Փոխելու Խնդիր Ունինք». Վահան Զանոյեան

June 16, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 59-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 15 յունիս 2023-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Դասախօսն էր հրապարակախօս, գրող  եւ տնտեսագէտ Վահան Զանոյեան: Նիւթ` «Հայկական մասնագիտացած մարդուժի հայրենական մարտահրաւէրները»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դասախօսը ներկայացուց նիւթին առանցքը` ինչպէ՞ս կարելի է համահայկական մասնագիտական մարդուժը օգտագործել հայրենիքի մէջ, եւ թէ ի՞նչ խոչընդոտներ կան այդ հրամայականին ընդառաջ աշխատելու համար:

Ան նշեց, որ այս առումով դաշտը խայտաբղէտ է, եւ վիճակացոյցը` շատ խառն: Կարելի է հանդիպիլ յաջողած ոլորտներու, ինչպէս նաեւ` ձախողած մարզերու կամ ընդհանրապէս գոյութիւն չունեցող մասնագիտական ներդրումներու:

Հետեւաբար Վահան Զանոյեան նախընտրեց կեդրոնանալ պետական եւ սեփական դաշտերուն վրայ` զանոնք եւս իրենց հերթին ենթադասակարգելով ոչ քաղաքական եւ ոչ պետական, ինչպէս` պետական եւ քաղաքական բաժիններու:

Ապա դասախօսը մասնագիտական ներուժի դերակատարութեան եւ ներդրումներու առարկայական գնահատականներ կատարեց` հիմնուելով փաստացի օրինակներու վրայ, ընդգծելով, որ պետական մակարդակի վրայ ընդհանրապէս համահայկական մասնագիտացած մարդուժի հաւաքագրում չէ արձանագրուած: Ուղղութիւնները կը վերաբերէին կրթական, բժշկական-առողջապահական, գիտական, ազգագրական, մշակութային  եւ հասարակական ուղղութիւններուն. Զանոյեան հաստատեց, որ սեփական ոլորտի պարագային, այս առումով,  արձանագրուած է համեմատաբար աւելի աշխուժ ներկայութիւն: Ան բացատրեց, որ անհատական կամ խմբային նախաձեռնութիւնները, սակայն, ընդհանուր համակարգին մէջ չեն:

Վահան Զանոյեան այս համապատկերի ներկայացումէն ետք խօսեցաւ այս առաջադրանքի  իրականացման դիմաց գտնուող քաղաքական եւ սահմանադրական խոչընդոտներու եւ դժուարութիւններու մասին: Այդ դժուարութիւններու յաղթահարման համար դասախօսը անհրաժեշտ նկատեց պետական համապատասխան քաղաքականութեան կիրարկումը:

Մասնագիտական մօտեցումով, առարկայականութեամբ եւ փաստացի օրինակներով  յագեցած այս շահեկան դասախօսութեան հետեւեցաւ հետաքրքրական քննարկում` լսարանի մասնակիցներուն աշխուժ մասնակցութեամբ:

Դասախօսութեան ամբողջական տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութուպեան ալիքին վրայ հետեւեալ կապով` https://www.youtube.com/watch?v=tTNhq_Wnvao

 

Նախորդը

Ստեփանակերտի Մէջ` Նահատակներ Նորայր Եւ Երուանդ Հաջեաններու Յիշատակին Նուիրուած Յուշաղբիւրի Բացում

Յաջորդը

9000 Աստիճան` Հասնելու Համար Չինաստանի Ֆանժինկշան Տաճարը

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.