Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կալուզին. «Միացեալ Նահանգներ Նպատակ Ունին Ռուսիան Հեռացնել Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հոլովոյթէն»

June 10, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ նպատակ ունին Ռուսիան հեռացնել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթէն: Այս մասին երէկ «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանէն յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին:

«Միացեալ Նահանգները, իմ կարծիքովս, ամէնուր կը փորձեն հասնիլ նոյն բանին` մէկ կողմէ դուրս մղել Ռուսիան, իսկ միւս կողմէ` նոր գաղութատիրական ոճով հպատակեցնել անկախ պետութիւնները, որոնք Ռուսիոյ գործընկերներն ու դաշնակիցներն են, միջամտել ընկերներու եւ դրացիներու հետ մեր գործընկերութիւններուն եւ դաշինքներուն: Ատիկա միշտ եղած է Ամերիկայի գլխաւոր նպատակը», ըսած է ան:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ Կալուզին ընդգծած է, թէ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութեան հիման վրայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը այլընտրանք չունի: Միեւնոյն ժամանակ, անոր համաձայն, Ռուսիան դէմ չէ, որ այլ երկիրները նպաստեն հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման:

«Սակայն ատիկա պէտք է ըլլայ ոչ թէ խօսքով, այլ գործով օգնութիւն եւ համահունչ ըլլայ այն հիմնարար համաձայնութիւններուն, որոնք ձեռք բերուած են ղեկավարներուն կողմէ, եւ որոնք, ինչպէս կը տեսնենք, ընդհանուր առմամբ յաջողութեամբ կ՛իրականացուին», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:

«Համապատասխանաբար, որոշ այլ միջնորդներու ջանքերը պէտք է յաւելեալ արժէք տան հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հիմնարար փաստաթուղթերու իրագործման տեսանկիւնէն», եզրափակած է Կալուզին:

 

Նախորդը

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Պարտուողներու Խաղաղութիւն Է» Շեշտեց Վ. Եագուպեան

Յաջորդը

Օվերչուք. «Սովորական Երկաթուղի Պիտի Ըլլայ, Հայաստանի Գերիշխանութիւնը Ոչ Ոք Կասկածի Տակ Կը Դնէ»

RelatedPosts

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին  Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

January 31, 2026
Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան  Հիմնադրամէն Պիտի Ստանայ 10 Միլիոն  Եւրոն. Հունգարիան Վերցուցած Է Արգելքը
Հայկական

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Աջակցութեան Նոր Միջոց Կը Տրամադրէ

January 31, 2026
Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն  Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.