Նախագահական ընտրութեան նպատակով խորհրդարանին գումարելիք 14 յունիսի նիստը ցարդ կը մնայ ի զօրու:
Քաղաքական ուժերն ու երեսփոխանական պլոքները, ինչպէս նաեւ անկախ երեսփոխանները կը շարունակեն իրենց կեցուածքները արտայայտել նիստին ընթացքին իրենց կատարելիք քուէարկութեան մասին:
Միւս կողմէ, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պէյրութի եւ Սայտայի ու Տէյր Քամարի մարոնի համայնքի առաջնորդներ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոսը եւ Մարուն Ամմար եպիսկոպոսը գործուղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտ:
Քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերեալ:
Նշենք, որ առաջնորդներ Ապտել Սաթեր եւ Ամմար նախանցեալ երեկոյեան այցելեցին Քլեմանսօ, ուր անոնք հանդիպում մը ունեցան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի հետ:
Ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին նախարար Ղազի Արիտի եւ կուսակցութեան ղեկավար մարմինի անդամ Ուալիտ Սֆէյր:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ Միջազգային դրամական ֆոնտի տեղեկատուական բաժանմունքի տնօրէն Ճուլի Քոզաք յայտնեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտի Միջին Արեւելքի եւ Միջին Ասիոյ շրջաններու տնօրէն, Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թեկնածու Ժիհատ Ազուր ժամանակաւոր կերպով առկախած է Միջազգային դրամական ֆոնտին մէջ իր աշխատանքը եւ ներկայիս արձակուրդի մէջ կը գտնուի:


