Եւրոպական ֆութպոլի ազգային ախոյեանութիւններուն նման, այսօր` շաբաթ, 10 յունիսին կ՛աւարտին նաեւ եւրոպական մրցաշարքերը, երբ տեղի կ՛ունենայ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2022-2023 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի մրցումը` Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի եւ Իտալիոյ բաժակակիր Ինթեր Միլանի միջեւ:
Այս մրցումին, որ պիտի սկսի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) եւ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ, կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Սզիմոն Մարսինիաք (Լեհաստան):
«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքին հրապարակած` երկու խումբերուն դաշտ ներկայանալիք հիմնական կազմերուն մէջ նշուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի անունը, որ Ինթերի հետ դաշտ պիտի ներկայանայ առաջին տասնմէկին հետ:
Ինչպէս ծանօթ է, Մխիթարեան առաջին հայ ֆութպոլիստն է, որ կը մասնակցի վերոնշեալ անուանի մրցաշարքին:
Նշենք, որ Մխիթարեան վիրաւորուած էր նախորդ 16 մայիսին, Ա. Սէ. Միլանի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի կիսաւարտականի դարձի մրցումին:


