Ռէալ Մատրիտի նախկին գլխաւոր մարզիչ Զինետին Զիտան հրաժարեցաւ գլխաւորել Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենը, այս մասին յայտնեց ֆրանսական «Լը Փարիզիեն»-ը:
Նշենք, որ 50 տարեկան Զիտան երկու տարիէ ի վեր որեւէ խումբի մարզիչը չէ:
Իմանալէ ետք Զիտանի մերժումը, այժմ փարիզեան կազմին ղեկավարութիւնը կը դիտարկէ սպանացի Լուիս Էնրիքէի, գերմանացի Եուլիան Նակելսմանի եւ սպանացի Խապի Ալոնսոյի թեկնածութիւնը:


