Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, որ Լիբանանը պիտի ներկայացնէ Պրիւքսելի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու տագնապին նուիրուած խորհրդաժողովին, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնայի հետ:
Հանդիպումէն ետք Քոլոնա ընդգծեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն համար Ֆրանսա յատուկ թեկնածու մը չունի` աւելցնելով, որ Փարիզի համար կարեւորը այն է, որ Լիբանան հանրապետութեան նախագահ մը ունենայ, յատկապէս տնտեսական այս դժուար պայմանները շրջանցելու համար:
Քոլոնա հաստատեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի որոշումով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախկին նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան նշանակուած է Լիբանանի հարցով յատուկ պատուիրակ, եւ կը նախատեսուի, որ ան քայլերու պիտի դիմէ աշխուժացնելու համար Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը:
Իր կարգին, Պու Հապիպ անհրաժեշտ նկատեց, որ Ֆրանսա զօրակցի սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը պահանջող լիբանանեան տեսակէտին:
Միւս կողմէ, նախանցեալ երեկոյեան Մաքրոն Լը Տըրիանը նշանակեց Լիբանանի հարցով յատուկ պատուիրակ, որպէսզի ան փորձէ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապը որոշ լուծումի յանգեցնել:
Այս մասին Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ լիբանանեան թղթածրարը Լը Տըրիանին յանձնելը կը նշանակէ, թէ ֆրանսական իշխանութիւններուն մօտ յառաջացած է նոր մօտեցում մը, որ կը միտի սրբագրել եւ բարեփոխել ֆրանսական նախկին խմբաւորումին առած քայլերը:
Իր կարգին, Նահժ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ ընդգծեց, որ լիբանանեան թղթածրարը Լը Տըրիանին յանձնել կը նշանակէ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առումով նոր կեցուածք որդեգրել:
Նախագահական ընտրութեան առումով արձանագրուած զարգացումներու շրջագիծին մէջ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ պլոքը պիտի մասնակցի չորեքշաբթի, 14 յունիս 2023-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան նիստին եւ պիտի քուէարկէ ի նպաստ իր թեկնածուին` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի:
Երէկ երեկոյեան Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ կը զօրակցի նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրի հանրապետութեան նախագահ ընտրութեան:


