Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայրամով. «Ազրպէյճանը Հայաստանէն Քաղաքական Կամք Կ՛ակնկալէ Երեք Ուղղութեամբ»

June 8, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երեքշաբթի օր ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի արտակարգ նիստի ընթացքին յայտարարած է, որ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան երկկողմանի խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին շուրջ:

Նախարարը նշած է, որ վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին Ուաշինկթընի, Պրիւքսելի, Մոսկուայի եւ Քիշնեւի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները կարելիութիւն տուած են աւելի լաւ հասկնալու կողմերու դիրքորոշումները:

Պայրամով նշած է, որ Ազրպէյճան հայկական կողմէն կ՛ակնկալէ փոխադարձ քաղաքական կամք` յաղթահարելու տարակարծութիւնները երեք որոշակի ոլորտներու մէջ, որոնք կը կազմեն երկկողմանի քննարկումներու օրակարգը:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը թուած է Հայաստանի հասցէին հետեւեալ մեղադրանքները` «Հայաստանի շարունակական անօրինական ռազմական ներկայութիւնը Ազրպէյճանի գերիշխան տարածքներուն մէջ, հետեւողական միջամտութիւնը ներքին գործերուն, Ազրպէյճանի կեդրոնական իշխանութիւններու եւ Ղարաբաղի շրջանին մէջ հայկական ծագումով տեղւոյն բնակիչներու միջեւ երկխօսութեան խոչընդոտումը, ինչպէս նաեւ միջազգային տարողութեամբ, ներառեալ ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ զրպարտչական արշաւի իրականացումը:

Նշուած է, որ ասիկա Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններու հիմնական խոչընդոտն է:

Բացի ատկէ, Պայրամով նշած է, որ տագնապը աւարտած է, եւ անկախութեան վերականգնումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով երկու երկիրները խաղաղութեան շեմին են` խոստանալով փոխադարձաբար յարգել գերիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը:

Նախորդը

Միրզոյեան Հոկընի Հետ Զրոյցի Ընթացքին Ընդգծած Է Սահմանազատման Հոլովոյթին Մէջ 1975-ի Քարտէսի Շուրջ Յանձնառութեան Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Ազրպէյճան Տեղեկատուութիւն Տրամադրած Է Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին Առեւանգուած 2 Հայ Զինուորի Վերաբերեալ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.