Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 8, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.200 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Ժիհատ Սամատն ու նախկին երեսփոխան Նատեր Սըքքարը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ներքին զարգացումները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի Եարզէի մէջ ընդունեց Անտիոքի ասորի կաթողիկէ համայնքի Իգնատիոս Եուսեֆ Ե. Եունան պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութիւնը, որ պէտք է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարուի:

ԻՍՐԱՅԷԼԻ պաշտպանութեան նախարար Եոավ Կալանթ յայտարարեց, որ եթէ Հըզպալլա Իսրայէլի դէմ պատերազմ սանձազերծէ, ապա իրենք Լիբանանը պիտի վերադարձնեն քարէ դար:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ կիրակի, 11 յունիս 2023-ին խօսք մը պիտի արտասանէ Էհտենի սպանդի յիշատակին առիթով:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ եթէ 2005-էն ետք ելեւմտական քաղաքականութիւններ մշակողն է փրկութիւնը, ապա Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ նախագահական ընտրութեան լաւագոյն թեկնածուն է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա անհաւանական նկատեց, որ նախագահական ընտրութեան նպատակով խորհրդարանի գումարելիք 12-րդ նիստը վճռական ըլլայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Իպրահիմ Մնայմնէ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի Սուրիա կատարած այցելութիւնը միայն լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ հարուած կարելի է նկատել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրի ունեցած արժանիքները կասկածի տակ կարելի չէ առնել, «սակայն մենք կարիքը ունինք քաղաքական փորձառութիւն ունեցող անձնաւորութեան», աւելցուց ան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Հըզպալլա ոչ ոքի հանրապետութեան նախագահ պարտադրած է, եւ իբրեւ այդպիսին չի փափաքիր, որ ուրիշներ իր վրայ հանրապետութեան նախագահ պարտադրեն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան կեդրոնական խորհուրդը, գումարելէ ետք իր նիստը, հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ երկու թեկնածուներու միջեւ մրցակցութիւնը կը դիւրացնէ նախագահական ընտրութիւնը: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Հըզպալլա պէտք է ապաւինի որոշումը միասնաբար տալու եւ նոյն հայրենիքին մէջ ապրող քաղաքացիներուն միջեւ հաւասարութիւնը պահպանելու սկզբունքներուն:

 

 

Նախորդը

Մետվետեւ. «Կը Թուի, Թէ Ուքրանիան Սկսաւ Իր Հակայարձակումին. Պէտք Է Զայն Կասեցնենք Եւ Քիեւի Վարչակարգը Տապալելու Յարձակում Շղթայազերծենք»

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Պու Սաապը Եւ Քանաանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.