Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 2022-2023 տարեշրջանի 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք իր հիւրին` Աթլեթիք Պիլպաոյի հետ, հանդիսացաւ Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան:
Արքայական ակումբին հաւասարութեան կոլը նշանակեց ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա` 72-րդ վայրկեանին (փենալթիով):
Այսպիսով, Պենզեմա իր կատարած վերջին մրցումին հանդիսացաւ կոլի հեղինակ:
14 տարեշրջանի ընթացքին Ռէալ Մատրիտի հետ իր կատարած բոլոր մրցումներուն ընթացքին ան նշանակեց 354 կոլ` հանդիսանալով ակումբին երկրորդ լաւագոյն ռմբաձիգը Քրիսթիանօ Ռոնալտոյէն ետք (450 կոլ):
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Ռէալի հետ 25 տիտղոսի տիրացած ֆրանսացին, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ արաբական Իթթիհատի հետ:


