Իտալական Ա. Սէ. Միլանին մաս կազմող շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ կիրակի, 4 յունիսին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Ան իր այս յայտարարութիւնը կատարեց Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») Ա. Սէ. Միլան-Վերոնա (3-1) 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումի աւարտին:
41 տարեկան Իպրահիմովիչ, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսաւ 1999-ին, շուէտական Մալմօ խումբին հետ մաս կազմած է նաեւ Այաքս Ամսթերտամի, Ինթեր Միլանի, Պարսելոնայի, Փարիզ Սեն Ժերմենի, Մանչեսթըր Եունայթըտի, ամերիկեան Լոս Անճելըս Կալաքսիի եւ Ա. Սէ. Միլանի:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան տիրացած է 34 տիտղոսի:
Նշենք, որ ան կը հանդիսանայ Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբի պատմութեան լաւագոյն ռմբարկուն. 122 մրցումի ընթացքին ան նշանակած է 62 կոլ եւ կատարած 25 էսիսթ:


