Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Ախոյեանութեան տիտղոսը արդէն իսկ ապահոված Նափոլի, իր կատարած վերջին մրցումին, Լուչիանօ Սփալեթթիի գլխաւորութեամբ, 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Սամտորիային:
Նափոլի, որ վերջին անգամ ախոյեան հանդիսացած էր 33 տարի առաջ, այսպիսով մրցումի աւարտին ստացաւ ախոյեանութեան տիտղոսը` իր պատմութեան մէջ երրորդ անգամ ըլլալով:


