Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 5, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆԻՊԱԱԼ Քազզաֆի շաբաթավերջին բաց հացադուլ յայտարարեց` բողոքելով առանց դատավարութեան իր երկարատեւ արգելափակման դէմ: Ան պահանջեց ազատ արձակել զինք` ընդգծելով, որ իր բանտարկութիւնը անարդար է: Նշենք, որ Լիպիոյ նախկին նախագահ Մոամմար Քազզաֆիի զաւակը` Հանիպաալ, Իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման հարցով ութ տարիներէ ի վեր (արգելափակման տասը տարուան հաշուարկով) արգելափակուած է ու ցարդ դատական որեւէ հարցաքննութեան չէ ներկայացած:

ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ կոչուած լիբանանցի ոստիկանի մը դիակը գտնուեցաւ շաբաթավերջին` Պաթրունի իր բնակարանին մէջ: Նախնական տեղեկութեանց համաձայն, ան ինքնասպան եղած կրնայ ըլլալ:

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ տոլարին սակագինը երէկ` կիրակի, 5 յունիսին լիբանանեան սեւ շուկային մէջ տարուբերեցաւ 93 հազար 700 լիբ. ոսկիի եւ 94 հազար 100 լիբ. ոսկիի միջեւ:

ՎԵՐՋԵՐՍ  Զահլէի մէջ երկրաշարժի տպաւորութիւն թողած ծանր ցնցումներ պատահեցան, որոնք սակայն խորքին մէջ հետեւանք էին շրջանին մէջ ժայռերու հատման գործողութեանց: Այս գծով  լիբանանեան բանակային ուժեր շաբաթավերջին պաշարեցին նշեալ շրջանը` ստուգելու համար պատահածը եւ համապատասխան քայլերու դիմելու: Նշենք, որ այս մասին բազմաթիւ բողոքներ ներկայացուած էին պատկան մարմիններուն դիտել տալով, թէ նման քայլեր կը խթանեն իսկական երկրաշարժի պատահումի աղէտը:

ՀՈԼԱՆՏԱՑԻ գիտնական Ֆրանք Հոկըրպից վերջերս զգուշացուց դարձեալ, թէ ընթացիկ յունիս ամսուան ընթացքին ուժգին երկրաշարժ պիտի պատահի աղէտալի հետեւանքներով: Թէեւ երկրաշարժի մասնագէտ փորձագէտներ թերագնահատեցին անոր այս զգուշացումները, այսուհանդերձ ան որոշ շփոթի եւ սարսափի մթնոլորտ ստեղծեց միջինարեւելեան երկիրներու բնակչութեան մօտ:

ՕԺԵՐՕ ընկերութեան պատասխանատու մը երէկ յայտնեց, թէ Պէյրութի Խալտէի շրջանին մէջ համացանցային ծառայութիւնը դադրած է` անոր վրայ ուղղուած շարժակներու ծանրութեան հետեւանքով: Այս մասին իմացուեցաւ, թէ համացանցային յաճախակի խանգարումը պիտի շարունակուի զանազան շրջաններու մէջ, մինչեւ անհրաժեշտ մազութի ապահովման խոստացուած գումարի գործնական փոխանցումը եւ մազութի հայթայթումը:

ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ծանր կրակոցներ լսուած են Թրիփոլիի Ապի Սամրա շրջանին մէջ: Առ այդ, լիբանանեան բանակի ուժեր երէկ խիտ շարքերով դիրքեր հաստատած են շրջանին մէջ` ապահովութեան ամրապնդման համար:

ԱՐՍԱԼ շրջանին մէջ շաբաթավերջին հրդեհ ծագած է սուրիացի տեղահանուածներու չորս վրաններու մէջ: Վրաններէն մէկը ամբողջութեամբ հրկիզուած է, մինչ միւս երեքը մասնակիօրէն վնասուած են: Իսկ 22 սուրիացիներ վնասուած են առանց սակայն ծանր վիրաւորներ արձանագրելու:

Նախորդը

Էրտողան Խոստացաւ Ծառայել Բոլոր Քաղաքացիներուն Եւ Կազմեց Իր Նոր Կառավարութիւնը

Յաջորդը

Ներքին Թէ Արտաքին Ճնշումներու Մթնոլորտին Մէջ. Լիբանանեան Նախագահական Թնճուկի Առնչակից Կողմեր Կը Շարունակեն Ընտրութեան «Գնդակը» Փոխանակել Իրարու Միջեւ

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.