Աշխարհի ախոյեան, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան, Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Արթուր Դաւթեան, Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մարմնամարզութեան «Ուորլտ Չելէյնճ Քափ»-ի մրցաշարքի յենացատկի մրցումներուն տիրացաւ ոսկի մետալին` ապահովելով 14.799 կէտ:
Նախքան ոսկի մետալին տիրանալը, ան նժոյգի եւ օղակներու մրցումներուն տիրացած էր պրոնզէ մետալին:
Օղակներու մրցումներուն ոսկի մետալին տիրացած էր Արթուր Աւետիսեան` ապահովելով 14.700 կէտ:


