Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր կեդրոնատեղիին մէջ յատուկ նիստ մը գումարելով ամբողջական վստահութիւն շնորհեց ազգային խումբի գերմանացի մարզիչ Թէօ Պոքըրին` անոր ամէն տեսակի լիազօրութիւն տալով ընտրելու ազգային խումբին մարզիկները:
Այս պաշտօնական յայտարարութիւնը այսպիսով եկաւ վերջ մը դնելու վերջերս մամուլին կողմէ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, ըստ որոնց, հասած էր անոր պաշտօնավարութեան աւարտին ժամանակը:
Պոքըր մօտերս պիտի մեկնի Գերմանիա` հոն փորձելով գտնել ծագումով լիբանանցի ֆութպոլիստներ, զորս մարզած է նախապէս: Եթէ ան գոհ մնայ անոնց ներկայացումներէն, խումբին կրնան միանալ նորեկներ:


