Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զաֆեր» Կուսակցութեան Ղեկավարը Կ՛աջակցի Քըլըչտարօղլուի Թեկնածութիւնը

May 25, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Զաֆեր» կուսակցութեան ղեկավար Ումիթ Էօզտաղ յայտարարեց, որ նախագահական ընտրութեան 2-րդ փուլին կը զօրակցի Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլուի թեկնածութեան` աւելցնելով, որ իր կուսակցութիւնը կ՛առաջարկէ սուրիացի գաղթականները մէկ տարիէն իրենց երկիրը վերադարձնել, յարգելով մարդու իրաւունքները:

«Եթէ կ՛ուզէք 13 միլիոն գաղթականները իրենց երկիրը վերադարձնել, ի նպաստ Քըլըչտարօղլուին քուէարկեցէք», ըսաւ ան:

Նշենք, որ «Զաֆեր» կուսակցութիւնը մաս կը կազմէր ԱԹԱ դաշինքին, որուն նախագահական թեկնածուն` Սինան Օղանը քանի մը օր առաջ աջակցութիւն յայտնեց գործող նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի թեկնածութեան:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու յայտնեց, որ Հունգարիայէն ազդանշաններ եղած են Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ ընտրութիւններուն վրայ ազդելու հաւանական փորձի մասին: Հունգարիոյ ներքին գործոց նախարար Փինթեր Շանտոր յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու գանձապետարանը գումար ուղարկած է Հունգարիա` այդտեղի ընտրութիւններուն վրայ ազդելու համար: «Ան մեզի տեղեկացուց, որ մենք նոյնպէս զգուշ ըլլանք», ըսաւ Սոյլու:

Ազրպէյճանը Պիտի Ըլլայ Առաջին Երկիրը,
Ուր Էրտողան Պիտի Այցելէ Վերընտրուելու Պարագային

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ազրպէյճանական «Ռիփորթ» լրատուական կայքի լրագրողին յայտնած է, որ Ազրպէյճանը պիտի ըլլայ առաջին երկիրը, ուր վերընտրուելու պարագային պիտի մեկնի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

«Միշտ առաջին այցելութիւնը կը կատարուի Ազրպէյճան եւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւն: Միշտ այդպէս եղած է», ըսած է Չաւուշօղլու:

Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ 28 մայիսին: Պայքար պիտի մղեն Էրտողանն ու Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլուն: Փորձագէտներէն շատեր կ՛ենթադրեն, որ պիտի յաղթէ գործող նախագահը:

Միւս կողմէ, ընդդիմութեան թեկնածու Քըլըչտարօղլու Էրտողանը մեղադրած է կեղծիքի մէջ, որովհետեւ վերջինս ընտրարշաւի ընթացքին կը յայտարարէ, թէ Քըլըչտարօղլուն իր քարոզչական տեսանիւթերուն մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) գործող հրամանատար Մուրաթ Քարայըլանը պատկերող տեսարաններ օգտագործած է:

«Ազատութիւն» կը գրէ, որ Քըլըչտարօղլուի ընտրարշաւին առնչուած որեւէ առնչութիւն չունեցող այդ տեսագրութիւնը լայնօրէն կը տարածէին Էրտողանի կողմնակիցները, ինք` երկրի նախագահը այս մասին խօսած էր նախընտրական հանրահաւաքներէն առնուազն երկուքի ընթացքին:

«Կեղծարարը չի կրնար նախագահ դառնալ: Քարոզարշաւը պէտք է հիմնուած ըլլայ բարոյական արժեչափերու վրայ: Եթէ մենք այդ սկզբունքէն շեղինք, լուրջ խնդիրներ ի յայտ կու գան», ըսած է Քըլըչտարօղլու:

 

Նախորդը

Խանդավառութեամբ Տեղի Ունեցան ԼԵՎԱՄ-ի 2022-2023 Տարեշրջանի Պասքեթպոլի Եւ Անհատական Խաղերը

Յաջորդը

Չաւուշօղլու. «Հիւսիսարեւելեան Սուրիան ՔԱԿ-էն Մաքրելու Համար Պիտի Գործակցինք Սուրիական Կառավարութեան Հետ»

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.