«Տարօրինակ է, երբ ժողովրդավարական հռչակուած երկրի մէջ ժողովուրդի բարձրագոյն ներկայացուցչական մարմինը այսօր, սկսելով իր նիստերուն, օրակարգի վրայ չի կրնար ներառել հայ ժողովուրդի համար բախտորոշ նշանակութիւն ունեցող հարցերու քննարկումը, որոնց վերաբերեալ երէկ Նիկոլ Փաշինեանը կատարած է հակապետական, հակաազգային եւ ապօրինի յայտարարութիւններ», 23 մայիսին Ազգային ժողովի ամպիոնէն ունեցած ելոյթի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան:
«Երէկ կէս գիշերին Արցախի խորհրդարանը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ: Մենք` «Հայաստան» խմբակցութիւնը, լիակատար սատար կը հանդիսանանք Արցախի ժողովուրդին եւ Արցախի խորհրդարանի յայտարարութեան: Բոլոր ջանքերը պիտի գործադրենք, որպէսզի օր առաջ կասեցուի այս ազգակործան ընթացքը, որպէսզի օր առաջ իշխանազրկուի հայրենիքը յանձնող այս իշխանութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեանին, որ յաճախ կը սիրէ տրամաբանական շղթաներ կառուցել, կ՛ուզեմ այս ամպիոնէն հրապարակային հարց տալ. Հայաստանի Անկախութեան մասին հռչակագիրը, որ հետագային բազմաթիւ հանրաքուէներով հաստատուած է, սեւով սպիտակի վրայ ամրագրած է` Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդի անունով հանդէս գալու իրաւունքը կը պատկանի բացառապէս Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդին: Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը 1992 թուականի յուլիսի 8-ին կը կայացնէ որոշում` Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը պաշտպանէ Արցախի հարցի այն լուծումը, որ կ՛ընդունի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, հետեւողականօրէն սատար կը կանգնի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ անոր բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան համար անընդունելի կը համարուի միջազգային կամ ներպետական որեւէ փաստաթողթ, ուր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը նշուած կ՛ըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ», նշեց Մինասեան:
Ինչպէս ընդգծեց պատգամաւորը, սա Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդի անունով հրապարակուած եւ առ այսօր առկայ միակ օրինական յայտարարութիւնն է, եւ հետեւաբար ի՞նչ իրաւասութեամբ Նիկոլ Փաշինեանը կը կատարէ յայտարարութիւններ:
«Կ՛ուզեմ դիմել աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին եւ միջազգային հանրութեանը. Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանը չէ, Նիկոլ Փաշինեանը հայ ժողովուրդի անունով Արցախը յանձնելու, Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ տեսնելու, արցախահայութեան, որոնց 90 տոկոսէն աւելին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներն են, իրաւունքները ոտնահարելու որեւէ իրաւունք չունի: Մենք կոչ կ՛ուղղենք բոլոր առողջ ուժերուն համատեղելու ջանքերը` օր առաջ իշխանազրկելու հայրենադաւ այս իշխանութիւնները», եզրափակեց ան:


