Յառաջիկայ ժամանակաշրջանին հայկական կողմին հետ նոր հանդիպումներ կը նախատեսուին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Մարկարեթա Սիոտերֆելտի ղեկավարած պատուիրակութեան հետ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ժամանակ երէկ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
Անոր համաձայն, այդ հաղորդակցութիւնները տեղի պիտի ունենան տարատեսակ միջազգային համաժողովներու ընթացքին:
Ալիեւի պնդումով` Ազրպէյճան կողմնակից է Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման` «Պաքուի ներկայացուցած հինգ սկզբունքներուն հիման վրայ»:
«Անոնց շարքին է պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան փոխադարձ ճանաչումը», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:


