
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արմէն Ռուստամեան երէկ Ազգային ժողովի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեանին յիշեցուց, որ իր հեղինակած` «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը զինեալ տագնապի վերածելու, անոր էութիւնը նենգափոխելու եւ խաղաղ բանակցային հոլովոյթը խոչընդոտելու` Ազրպէյճանի պատասխանատուութեան մասին» յայտարարութիւնը հինգերորդ նստաշրջանն է, որ չի քննարկուիր:
Ռուստամեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ասիկա իր վերջին ճիգն է եւ ընդգծեց, որ ստեղծուած իրավիճակը պատիւ չի բերեր Ազգային ժողովին, իսկ հարցին վերաբերեալ այսպիսի կրաւորական կեցուածք անընդունելի է:
Սամուէլ Նիկոյեան վստահեցուց, որ եթէ հասնին քննարկելու, պիտի քննարկեն այդ յայտարարութիւնը:
Դաշնակցական պատգամաւորը անգամ մը եւս նշեց, որ տեղի կ՛ունենայ կանոնակարգ օրէնքի կոպիտ խախտում. հարցը երեք նստաշրջանէն ետք պէտք է արտակարգ ձեւով քննարկուէր: «Կը խախտենք կանոնակարգ օրէնքը, եւ պէտք չէ այդ տպաւորութիւնը ստեղծել, որ անիկա չի խախտուիր», ընդգծեց ան:


