Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ուքրանիոյ Ներկայութիւնը Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին

May 23, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահին Արաբական վեհաժողովին յայտնուիլը անակնկալ էր: Ժողովի ձեւաչափն ու օրակարգը նկատի ունենալով նոյնիսկ հակաօրինաչափ երեւոյթի համազօր էր անոր ժամանումը Ժետտա եւ մասնակցութիւնը Արաբական լիկայի սպասուած վեհաժողովին: Նախապէս Զելենսքիի մասնակցութեան մասին յայտարարութիւններ չկային: Գրեթէ նոյն օրն էր, որ անոր մասնակցութեան լուրը պաշտօնականացաւ:

Ուքրանիոյ նախագահը  արաբական երկիրներուն կոչ ուղղեց օգնելու ուքրանացի ժողովուրդին` վստահեցնելով, որ իր երկիրը երբեք պիտի չընդունի ռուսական ախորժակները: «Այն ինչ որ մեր երկրին մէջ տեղի կ՛ունենայ, պատերազմ է եւ ոչ թէ պարզապէս տագնապ մը», ըսաւ Զելենսքի` կոչ ուղղելով պաշտպանելու Ուքրանիան, անոր ժողովուրդն ու «մեր երկրի իսլամները»` մատնանշելով, որ Խրիմի թաթարներու ներկայացուցիչը իրեն հետ ներկայ է վեհաժողովին:

Խրիմի խնդիրը նախկին զգայնութիւնը կորսնցուցած է Անգարայի մօտ: Այդ չի նշանակեր, որ հարցը սուր կերպով չի վերադառնար. յայտնապէս ժամանակաւոր է սուր հակազդեցութիւններու բացակայութիւնը` Էրտողան – Փութին համաձայնութիւններու շրջանակներուն մէջ:

Հիմա Խրիմի իսլամ թաթարներու ներկայացուցիչը ուղեկցած էր Ուքրանիոյ նախագահին` արաբական իսլամական միջավայրի մէջ: Խրիմը սակայն ռուսական ազդեցութեան տակ գործող շրջան է եւ արաբական միջավայր այս ձեւով Խրիմի ներկայացուցիչ բերելը Ռուսիա-արաբական աշխարհ հակադրելու մարտավարութիւնը կ՛ենթադրէ:

Զելենսքին, Խրիմի թաթար ներկայացուցիչին ընկերակցութեամբ, Արաբական լիկայի վեհաժողովին չէր կրնար երթալ առանց Ռիատի հրաւէրին: Ռիատ նման հրաւէր կը յղէր յայտնապէս Ուաշինկթընի պատուէրով:

Ուղերձը բազմակողմանի է այս պարագային: Միացեալ Նահանգները ոչ միայն Ռուսիոյ, այլ նաեւ Չինաստանին կը յուշեն, որ հակառակ անոր որ Ռիատ-Թեհրան յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւնը Փեքինի մէջ տեղի ունեցաւ, այդուհանդերձ գործընթացները առնուազն ի հեճուկս Միացեալ Նահանգներուն չէ, որ կ՛ընթանան:

Յանկարծակի այս երեւումին դիմաց Սուրիոյ նախագահը իր անհամաձայնութիւնը յայտնեց դիւանագիտական ժեսթերով: Զելենսքիի խօսած պահուն թարգմանութիւնը լսելու գործիքը անջատելով ան պարզ դարձուց, որ չ՛ուզեր լսել Ուքրանիոյ նախագահին խօսքը: Մանաւանդ որ Դամասկոսը  ճանչցած էր Ուքրանիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ անկախութիւն հռչակած եւ ռուսական զօրքերու տեղակայումը ընդունած շրջանները:

Իրադարձութիւնը սակայն աշխարհաքաղաքական շարժառիթներ ունի եւ ամերիկեան ազդեցութեան գօտիներու վերասահմանումներուն հետ առնչուած է: Ինչ որ իր հերթին կը նշանակէ ռուսական գործօնի չէզոքացման քաղաքականութիւն:

Ուաշինկթընի ներկայացուցիչը այս բոլորին առընթեր յայտարարեց, որ իրենք չեն կարծեր, որ Սուրիա ներկայիս արժանի է Արաբական լիկա վերընդունուելու, եւ թէ  այս կէտը ուղղակի  քննարկած են շրջանային եւ արաբական աշխարհին մէջ իրենց գործընկերներուն հետ:

Դժուար համոզիչ դառնայ այն, որ Ռիատ իր յարաբերութիւնները կը բնականոնացնէ Դամասկոսի հետ եւ Սուրիոյ նախագահը կը հրաւիրէ Արաբական լիկայի վեհաժողովին, առանց ամերիկեան թոյլտուութեան:

Հիմա Ուաշինկթընը կը յայտարարէ, որ Սուրիոյ նկատմամբ պատժամիջոցները չեն վերացած: Դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատումները եւ Սուրիոյ արաբական լիկա վերադարձը սակայն այլ բան կը յուշեն:

«Ա.»

Նախորդը

Հայաստանի Իշխանութիւնները Կ՛ուղղուին Երկրորդ Յանձնուողականութեա՞ն

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Զօրակցի Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Կեցուածքին՝ Մերժելով Արցախը Ազրպէյճանի Հողային Ամբողջականութեան Մաս Նկատելու Բոլոր Տեսակի Փորձերը

RelatedPosts

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Քիեւը
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Քիեւը

October 13, 2026
Պատասխանելով Սալման Թագաւորին`  «Ուաշինկթընի Աջակցութիւնը  Որեւէ Արդիւնք Պիտի Չտայ»  Կ՛ըսէ Թեհրան
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Մեր Առաջարկներուն Ամերիկեան Պատասխանը Կը Սերտենք, Ապա Արդիւնքը Միջնորդներուն Պիտի Յայտնենք»

October 13, 2026
Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով  Բեռցուած Բեռնատարին.  «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային  Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը  Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք»  Հաստատեց Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով Բեռցուած Բեռնատարին. «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք» Հաստատեց Սալամ

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.