Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «ՀԱՊԿ-ը Կամ Ռուսիան Ոչինչ Կրնան Ընել, Եթէ Հայաստանը Իր Իրաւունքները Չի Պաշտպաներ»

May 17, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Երբ ազրպէյճանական զօրքերը Հայաստանի տարածք ներխուժեցին, ՀԱՊԿ-ը պատրաստ էր համապատասխան քայլերու ձեռնարկելու եւ կը սպասէր Հայաստանի արձագանգին. Հայաստանը քաղաքական գնահատական պահանջեց Ազրպէյճանի գործողութիւններուն` զայն դարձնելով նախապայման ՀԱՊԿ-ի համար», այս մասին 16 մայիսին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ Ռուսիան եւ ՀԱՊԿ-ը չեն կատարեր իրենց պայմանագրային պարտաւորութիւնները Հայաստանի հանդէպ, Ռուստամեան նշեց, որ անոնք չեն կրնար աւելի հայ ըլլալ, քան մենք. «Միջնորդի դերով հանդէս եկող ՀԱՊԿ-ը կամ Ռուսիան ոչինչ կրնան ընել, եթէ Հայաստանը իր իրաւունքները չի պաշտպաներ, եթէ դուն կ՛երթաս կ՛ըսես` ես կը ճանչնամ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, հիմա ալ արդէն թիւերով կ՛արձանագրենք: Միջնորդը ինչպէ՞ս պէտք է պաշտպանէ այն հարցը, որ այդ տարածքային ամբողջականութեան մէջ պէտք չէ ըլլայ Ղարաբաղը: Հայաստանի տարածք ներխուժման ժամանակ ալ ՀԱՊԿ-ը ըսած է` ես պատրաստ եմ իմ բոլոր միջոցներովս ներկայ գտնուելու, կը սպասենք Հայաստանի արձագանգին: Հայաստանն ալ կ՛արձագանգէ այնպէս, որ ՀԱՊԿ գոյութիւն չունի: Քաղաքական գնահատական պահանջելը նախապայման դարձնելը շատ սխալ է: Նախ դուն պէտք է քու անվտանգութիւնդ ապահովելու քայլերը ապահովես: Պարզ չէ՞, որ ՀԱՊԿ-ի մէջ կան երկիրներ, որոնք կրնան ատոր դէմ ըլլալ: Այդ կառոյցը փոխադարձ համաձայնութեան եղանակով կը գործէ, միթէ՞ ատիկա նորութիւն էր Հայաստանի համար: Այն երկիրները, որոնք դէմ են, թոյլ չեն տար, որ այդ քաղաքական գնահատականը հնչէ», ըսաւ Ռուստամեան:

Ան կոչ ուղղեց դուրս գալու բոլորը մեղադրելու մօտեցումէն. «Մենք պէտք է հասկնանք, թէ մեր ընելիքը ո՛րն է: Եթէ մենք չփորձենք մեզ պաշտպանել, ոչ ոք մեզ պիտի պաշտպանէ: Մենք մեզ ներսէն եւ դուրսէն թուլացուցած ենք, հիմա ալ կը յայտարարենք, որ ոչ ոք մեր կողքը կանգնած է: Եթէ դուն այդպիսի յայտարարութիւն կ՛ընես, քու հիասթափութիւնդ կ՛արձանագրես: Իսկ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ինչի՞ համար է, եթէ պէտք է յայտարարես, որ ոչ ոք քու կողքդ կանգնած չէ»:

 

 

Նախորդը

Սարաֆեան. «Հայաստանի Օրակարգին Վրայ Այս Պահուն ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու Հարց Չկայ»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 17 Մայիս 2023)

RelatedPosts

Գլխաւոր լուրեր

October 15, 2026
Ակնարկ.  Սահմանի Բացման Վաղուան (Ան)Հաւանականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սահմանի Բացման Վաղուան (Ան)Հաւանականութիւնը

October 15, 2026
Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք,  Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք, Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.