Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Նախագահական Ընտրութիւն. Էրտողան Եւ Քըլըչտարօղլու Կ՛անցնին Ընտրութեան 2-րդ Փուլ

May 16, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ մէջ կիրակի օր տեղի ունեցած ընտրութիւններու բոլոր քուէներու հաշուարկէն ետք յստակացաւ նախագահական ընտրութեան վերջնական արդիւնքը: Քուէներու թիւով յառաջատարը գործող նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն է, որուն ի նպաստ քուէարկած է ընտրողներուն 49,42 առ հարիւրը:

Անոր գլխաւոր մրցակից Քեմալ Քըլըչտարօղլու ստացած է քուէներուն 44,95 առ հարիւրը: Նախագահի միւս թեկնածուն` «Աթա» դաշինքէն 55-ամեայ Սինան Օկանը ստացած է քուէներուն 5,28 առ հարիւրը:

«Մեմլեքեթ» կուսակցութեան ղեկավար Մուհամմեր Ինճէն ստացած է քուէներուն 0,42 առ հարիւրը: Վերջինս ընտրութենէն երեք օր առաջ յետս կոչած էր իր թեկնածութիւնը, սակայն Թուրքիոյ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը վաւեր ճանչցած է անոր ի նպաստ տրուած քուէները:

14 մայիսին տեղի ունեցած ընտրութեան ընթացքին նախագահութեան թեկնածուներէն ոչ ոք ստացած է քուէներուն 50 առ հարիւրը, ինչ որ կը նշանակէ, որ յաղթողը պիտի որոշուի երկրորդ փուլին, որ տեղի պիտի ունենայ երկու շաբաթէն` 28 մայիսին:

Էրտողան յայտարարեց. «Եթէ ժողովուրդը երկրորդ փուլի ի նպաստ ընտրութիւն կատարած է, ապա մենք պատրաստ ենք այս որոշումը ընդունելու»:

Ան նաեւ նշած է ընտրութիւններուն մասնակցութեան մրցանշային ցուցանիշը եւ շնորհակալութիւն յայտնած 27 միլիոն քաղաքացիներուն` ի նպաստ իրեն քուէարկելնուն համար, իսկ 56 միլիոն քաղաքացիներուն` քուէարկութեան մասնակցելնուն համար:

Թրքական ընդդիմութեան թեկնածու, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլու իր կարգին յայտնեց, որ «եթէ մեր ժողովուրդի որոշումը երկրորդ փուլ կատարել է, ապա հաստատօրէն ատոր մէջ պիտի յաղթենք»` աւելցնելով. «Հասարակութեան մէջ փոփոխութեան կամքը 50 առ հարիւրէն բարձր է»:

ԱԹԱ դաշինքի թեկնածու Սինան Օղան յայտնեց. «Քըլըչտարօղլուին պիտի աջակցիմ այն ժամանակ միայն, երբ քիւրտերուն զիջումներ կատարելէ ետ կանգնի»: Ան աւելցուց. «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարն ու գաղթականներու տունդարձը Էրտողանին կամ Քըլըչտարօղլուին աջակցելու համար կարմիր գիծեր են»: Ըստ անոր, Քըլըչտարօղլու չէ յաջողած ժողովուրդը համոզել:

Միւս կողմէ, խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գլխաւորած «Հանրապետական դաշինք»-ը քուէներու 99,55 առ հարիւրի հաշուարկէն ետք ստացած է քուէներու 49,3 առ հարիւրը: Ինչ որ կը նշանակէ, թէ դաշինքը կը ստանայ 322 աթոռ` 600 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանի մեծամասնութիւնը:

Քըլըչտարօղլուի ղեկավարած «Ժողովրդավարական դաշինք»-ը ստացած է քուէներուն 35,19 առ հարիւրը կամ շուրջ 212 աթոռ: Աշխատանքի եւ ազատութեան դաշինքը, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած է Կանաչներու ձախ կուսակցութիւնը, կրնայ ստանալ 66 աթոռ: ԱԹԱ դաշինքը խորհրդարանին մէջ աթոռ պիտի չստանայ:

Քրեմլին յայտարարեց, թէ Անգարայի հետ գործակցութիւնն ու յարաբերութեան ամրապնդումը կը նախատեսէ անկախ անկէ, թէ նախագահական ընտրութեան մէջ ո՛վ յաղթանակ պիտի արձանագրէ` աւելցնելով, որ Ռուսիան մեծ հետաքրքրութեամբ եւ ուշադրութեամբ կը հետեւի Թուրքիոյ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին լուրերուն:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Ապահովեց Աւարտականին Իր Տոմսը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Օսլոյի Ժողովէն Ետք.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

October 22, 2026
«Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Որեւէ Յարձակում  Պիտի Չշղթայազերծէ»  Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Բանբերի Տեղակալը
Միջազգային

«Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Որեւէ Յարձակում Պիտի Չշղթայազերծէ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տան Բանբերի Տեղակալը

October 22, 2026
Մոսկուա Կը Պնդէ` Ռուսիան Է  Հայաստանի Անկախութեան Երաշխաւորը
Միջազգային

Քրեմլին Կը Խօսի Չինաստանի Մէջ Փութինի, Շիի Եւ Թրամփի Միջեւ Ժողովի Գումարման Պատրաստութիւններու Մասին

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.