Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 16, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 94.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.300 լ. ոսկի:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ Ժետտայի մէջ տեղի ունեցող տնտեսական խորհուրդի նիստին ընթացքին հաստատեց, որ պէտք է մեղմացնել Լիբանանի բեռը` սուրիացի տեղահանուածներու անմիջական եւ ապահով տունդարձ կազմակերպելով: Ան կոչ ուղղեց արաբական երկիրներուն զօրակցելու Լիբանանին` զայն տնտեսական իր տագնապէն փրկելու նպատակով:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան գերիշխանական սնտուկին օրէնքները:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ հաստատեց, որ ինք իր թեկնածութիւնը յետս պիտի կոչէ այն ժամանակ միայն, երբ գտնուի այնպիսի թեկնածու մը, որ ըլլայ գերիշխան եւ բարեկարգումի անձնաւորութիւն, ինչպէս նաեւ անհատ մը, որ կը համախմբէ ընդդիմութեան ուժերը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը կոչուած են մտածելու իրենց ազգային շահերուն մասին` հրաժարելով անձնական շահեր ապահովելու առաջնահերթութենէն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Պաարինի հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան դատարկութեան փուլը աւարտելու իմաստով մօտալուտ լուծումներ չկան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ յայտնեց, որ իրենց թեկնածուն երեսփոխան Միշել Մուաուատն է` աւելցնելով, որ իրենք համոզուած են Մուաուատի թեկնածութեամբ, «եւ կը մերժենք, որ դիմադրութեան առանցքը մեզի պարտադրէ նախագահական իր թեկնածուն», աւելցուց ան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ գործակցութիւնն ու խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ իրենք շրջանցած են խոչընդոտները եւ հասած են անուններ նշանակելու փուլին:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ եթէ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնները իրարու հետ չհամաձայնին, ապա դիմադրութեան առանցքի թեկնածուն կրնայ հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ ընդգծեց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութիւնը մօտալուտ է` հանրապետութեան նախագահի թեկնածուի մը շուրջ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի կոչ ուղղեց խորհրդարան երթալու եւ քուէարկելու` հաստատելով, որ աւելի բարձր քուէ ստացող թեկնածուն հանրապետութեան նախագահ կ՛ընտրուի:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի նկատմամբ վստահութիւն չկայ` աւելցնելով, որ նախորդ փորձառութիւնները ցոյց տուած են այդ իրականութիւնը: Պու Ասի նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանեան ուժերուն մօտ Ժիհատ Ազուրի թեկնածութեան զօրակցելու օրակարգ գոյութիւն չունի:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Հիւսէյն Ուաժհ հաստատեց, որ Հարիրի յանձնառու կը մնայ քաղաքական իր գործունէութիւնը առկախելու որոշումին եւ լիբանանեան քաղաքական հարցերուն միջամուխ չի դառնար:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց նախկին երեսփոխան Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Սալամի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Թալալ Մերհեպին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ կոչ ուղղեց երկխօսութեան եւ հանրապետութեան նախագահի թեկնածուի մը շուրջ համախոհութեան գոյացման:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ քաղաքական իւրաքանչիւր կողմ իր խաղաթուղթերը պէտք է գաղտնի պահէ` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ իրենց խորհրդակցութիւններուն կտրած ճամբուն մասին չի փափաքիր բացայայտումներ կատարել:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Նախագահական Ընտրութիւն. Էրտողան Եւ Քըլըչտարօղլու Կ՛անցնին Ընտրութեան 2-րդ Փուլ

Յաջորդը

Պոհսալի. «Տուրքի Որեւէ Բարձրացում Իր Անդրադարձը Պիտի Ունենայ Սննդամթերքի Սակերուն Վրայ»

RelatedPosts

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Ճակատումի Վճռումէն Առաջ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի»

October 22, 2026
Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական  Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները,  Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ  Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»
Լիբանանեան

Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները, Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.