Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն. «Արլինկթընի Քննարկումներուն Մէջ Բարդ Խնդիրներու Լուծման Գործին Մէջ Զգալի Յառաջընթաց Արձանագրուած Է»

May 10, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթընի կարծիքով` անցեալ շաբաթ Արլինկթընի մէջ տեղի ունեցած քառօրեայ քննարկումները կառուցողական էին, արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կը կարծեն, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնները զգալի յառաջընթաց արձանագրուած են բարդ խնդիրներու լուծման գործին մէջ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթել:

«Երկու երկիրներն ալ, ինչպէս գիտէք, սկզբունքօրէն համաձայնած են որոշակի պայմաններու եւ աւելի լաւ կը հասկնան իրարու տեսակէտները: Մենք կը հաւատանք, որ յաւելեալ բարի կամքի, ճկունութեան եւ փոխզիջումներու պարագային համաձայնութիւնը մօտ է», ըսած է ան:

Փաթելի համաձայն, Միացեալ Նահանգները անհրաժեշտ աջակցութիւնը կը ցուցաբերեն Ազրպէյճանին ու Հայաստանին: «Մենք կը շարունակենք լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերել Միացեալ Նահանգներէն, քանի տակաւին երկու պետութիւնները կը շարունակեն երկխօսութիւնը, կը շարունակեն ձգտիլ տեւական եւ կայուն խաղաղութեան», վստահեցուցած է արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Ըստ գոյութիւն ունեցող տուեալներու, նշած է Փաթել, կողմերը կը շարունակեն համագործակցութիւնը. «Եւ մենք կ՛ողջունենք այդ մասին հաղորդագրութիւնները»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալը աւելցուցած է, որ ուղիղ երկխօսութիւնը, ըստ Ուաշինկթընի, առանցքային է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ «խնդիրներու լուծման եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար»:

 

Նախորդը

Երեւան Կը Պատասխանէ Չաւուշօղլուին. «Նեմեսիս»-ի Արձանի Տեղադրումը Հայաստանի Ներքին Հարցն Է

Յաջորդը

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Ո՛չ Արցախի Ցեղային Զտման» Շարժման Բազմամարդ Հանրահաւաքը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ռուս-Ամերիկեան Գործարքային Դիւանագիտութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ռուս-Ամերիկեան Գործարքային Դիւանագիտութիւն

October 12, 2026
Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ  Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ

October 12, 2026
Ուրալօղլու. «Կարս-Իգտիր-Տիլուճու Երկաթուղիին  Շնորհիւ Կ՛ամրապնդենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Հաղորդակցութիւնը»
Հայկական

Ուրալօղլու. «Կարս-Իգտիր-Տիլուճու Երկաթուղիին Շնորհիւ Կ՛ամրապնդենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Հաղորդակցութիւնը»

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.