Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւան Կը Պատասխանէ Չաւուշօղլուին. «Նեմեսիս»-ի Արձանի Տեղադրումը Հայաստանի Ներքին Հարցն Է

May 10, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Նեմեսիս» գործողութեան արձանը քանդելու մտադրութիւն Երեւանի իշխանութիւնը չունի, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են Երեւանի քաղաքապետարանէն:

«Ազատութիւն»-ը հարցում ուղղած էր քաղաքային իշխանութեան, թէ արդեօք հայաստանեան օդանաւային ընկերութիւններու առջեւ օդային տարածքը փակելէ ու Թուրքիոյ մէջ բարձրացած աղմուկէն ետք Երեւանի իշխանութիւնը մտադրութիւն ունի՞ հեռացնելու «Նեմեսիս» գործողութեան նուիրուած արձանը, թէ օրակարգի վրայ նման հարց չկայ:

«Արձանի տեղադրումը Հայաստանի ներքին հարցն է եւ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի ատոր խառնուելու», երէկ աւելի կանուխ Յաղթանակ զբօսայգիին մէջ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան:

Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ Թուրքիան Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած էր կազմաքանդելու «Նեմեսիս»-ի յուշարձանը: Թրքական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: Անոր համաձայն, եթէ ատիկա տեղի չունենայ, ապա թրքական կողմը Հայաստանի դէմ նոր քայլերու պիտի ձեռնարկէ:

«Թուրքիան նախազգուշացուցած է Երեւանը եւ լրացուցիչ քայլերու պիտի ձեռնարկէ, եթէ յուշարձանը չկազմաքանդուի», ըսած է ան:

 

 

Նախորդը

Միշելի Գրասենեակը Կը Հաստատէ 14 Մայիսին Պրիւքսելի Մէջ Եռակողմ Հանդիպումը. Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ

Յաջորդը

Ուաշինկթըն. «Արլինկթընի Քննարկումներուն Մէջ Բարդ Խնդիրներու Լուծման Գործին Մէջ Զգալի Յառաջընթաց Արձանագրուած Է»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ռուս-Ամերիկեան Գործարքային Դիւանագիտութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ռուս-Ամերիկեան Գործարքային Դիւանագիտութիւն

October 12, 2026
Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ  Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ

October 12, 2026
Ուրալօղլու. «Կարս-Իգտիր-Տիլուճու Երկաթուղիին  Շնորհիւ Կ՛ամրապնդենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Հաղորդակցութիւնը»
Հայկական

Ուրալօղլու. «Կարս-Իգտիր-Տիլուճու Երկաթուղիին Շնորհիւ Կ՛ամրապնդենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Հաղորդակցութիւնը»

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.