Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 9, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 94.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.300 լ. ոսկի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-սուրիական բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբին անունով երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ ողջունեց Սուրիոյ` Արաբական լիկա վերադարձը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ զգուշացուց նախագահական դատարկութեան փուլին երկարատեւ ըլլալու իրականութենէն: Ան կոչ ուղղեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը իմաստուն կերպով լուծելու, ինչպէս նաեւ վաւերացնելու վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Սայիտ Ասմար յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն հանրապետութեան նախագահ ընտրելու փոխարէն Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան թեկնածուին յանձնելու գործարքին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը երեւակայութիւններ են:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ 7 մայիսի յիշատակին առիթով յայտնեց, որ այդ օրուան ընթացքին հաղորդակցութիւններու մարզը Հըզպալլայի կողմէ ենթարկուած է աւազակութեան: Ան Աստուծմէ ներում հայցեց թէ՛ անոնց եւ թէ՛ իրենց քաղաքական խմբակի անդամներուն համար, որոնք օրին իրենց ստանձնած պատասխանատուութեան մակարդակին վրայ չմնացին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ, անդրադառնալով առանց արտաքին ճնշումներու եւ քաղաքական շահաբաժիններու կատարուելիք նախագահական ընտրութեան կարելիութեան, յայտնեց, որ եթէ նման մտածողներ կան, ապա կրնան շարունակել երազելը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղայյաս Եազպեք յայտնեց, որ իրենք բաց են քննարկելու նախագահական ընտրութեան քաղաքական ոեւէ թեկնածուի կարելիութիւնը, պայմանով որ ան ոչ ոքի համար մարտահրաւէր նկատուի: Եազպեք շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան նիստերու ձախողութեան պատասխանատուն խորհրդարանի նախագահն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Թալալ Արսլան յայտնեց, որ Սուրիա յաղթանակ արձանագրեց եւ ան աւելի քան տասնամեակի մը ընթացքին տոկաց բոլոր տեսակի դաւադրութիւններուն: «Սուրիան չգնաց, որ վերադառնայ, իսկ անոր պարտութեան վրայ դրուած գրաւը մեռած ծնած է», ըսաւ ան:

ՆԱՀԺ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը սէուտական, ֆրանսական եւ քաթարեան կեցուածքի ու հրահանգի կը սպասեն` աւելցնելով, որ մայիս ամսուան ընթացքին հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն եւ լուծումներ չկան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ 7 մայիսի յարձակումի յիշատակին առիթով կատարած թուիթըրեան իր գրառումին մէջ ընդգծեց, որ պետութեան մէջ ստեղծուած պետութիւն մը երկիր չի կրնար հիմնել:

 

Նախորդը

Քայլարշաւ` Լիբանանի Նահատակաց Օրուան Առիթով

Յաջորդը

Ֆայեատ Իրաքի Վարչապետին Առաջարկեց Վերանորոգել Լիբանանին Նաւթ Տրամադրելու Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.