Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բնականոնացումը Արագ Պիտի Չըլլայ, Եւ Թուրքիան Ուշ Կամ Կանուխ Իր Ուժերը Պիտի Հեռացնէ» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Նախկին Դեսպանը

May 5, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ վերջին դեսպան Էօմեր Էօնհուն «Արապիա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ իր երկրին Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը «արագօրէն տեղի պիտի չունենայ»` վստահեցնելով, որ թրքական ուժերը «ուշ կամ կանուխ պիտի հեռանան Սուրիայէն»:

Ան բացառեց երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու որեւէ մօտալուտ բնականոնացում, որովհետեւ երկու կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունին առկախ խնդիրներ, որոնք պէտք է լուծել:

«Փոխադարձ պահանջները կարելի է գործադրել», ըսաւ Թուրքիոյ նախկին դեսպանը:

Էօնհուն ըսաւ, որ Թուրքիան «կ՛ուզէ իր անվտանգութիւնը երաշխաւորել, եւ Սուրիոյ մէջ գաղթականներու անվտանգ վերադարձի համար անհրաժեշտ պայմանները պատրաստել: Փոխարէնը Դամասկոս կ՛ուզէ թրքական բանակի անդամներու հեռացումն ու ընդդիմութեան աջակցութեան դադրեցումը»` նշելով. «Ասոնցմէ ոչ մէկը անկարելի է: Սակայն պէտք է զանոնք ճիշդ պարունակին մէջ քննարկել, եւ ահա այստեղ է խնդիրը»:

Խօսելով Մոսկուայի մէջ գումարուած քառակողմ ժողովներուն մասին` Թուրքիոյ նախկին դեսպանը ըսաւ. «Թերեւս երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման մէջ որոշ յառաջդիմութիւն ըլլայ, սակայն իմ կարծիքովս` մենք ամէն պարագայի մօտ օրէն վերջնական բնականոնացում պիտի չտեսնենք, առնուազն ոչ (Թուրքիոյ մէջ) նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ»:

Նախորդը

Թուրքիոյ Ընդդիմութեան Նախագահի Միասնական Թեկնածուն Յաղթանակի Պարագային Պիտի Վերսկսի Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Հոլովոյթին

Յաջորդը

Քիեւ Կը Հերքէ Փութինի Նստավայրին Վրայ Յարձակումին Իր Մեղսակցութիւնը, Ուաշինկթըն «Շատ Մեծ Թերահաւատութեամբ» Կ՛ընդունի Ռուսիոյ Հրապարակած Տեղեկութիւնը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.