Ջերմուկի մէջ սկսած Ստեփան Աւագեանի ճատրակի յուշամրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, ամերիկահայ Սամուէլ Սեւեան ունեցաւ յաղթական մեկնարկ, երբ յաղթեց Թայ Նկիւյենին (Չեխիա):
Ա. հանգրուանի մրցումներէն ետք, ան այժմ երեք յառաջատարներէն մէկն է:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Դաւթեան պարտութիւն մը կրեց իր հնդիկ մրցակիցէն` Նարայանէն, մինչ Հայկ Մ. Մարտիրոսեան-Ռոպերթ Յովհաննիսեան հանդիպումը վերջ գտաւ հաւասարութեամբ:
9 հանգրուան ունեցող այս մրցաշարքը, որուն մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 4 միլիոն դրամ, կը հովանաւորէ Ստեփան Աւագեանի ընտանիքը:


