Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Ռոպերթ Ճէպէճեան

May 5, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Ռոպերթ Ճէպէճեան

Բժիշկ Ռոպերթ Ճէպէճեան ծնած է Այնթապ, 1909-ին: Զաւակն է բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեանի: Բժիշկ Ֆիլիփ Յովնանեան իր քեռին էր:

Ծնողքին հետ գաղթած է Հալէպ: Նախնական ուսումը ստացած է Հալէպի Հայկազեան վարժարանին մէջ, ապա` աւետարանական ծխական վարժարանին մէջ:

1926-1927 ուսանած է Պրումմանա, Լիբանան, անգլիական Քոկէյքըրներու դպրոցին մէջ: Բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ, ուրկէ  վկայուած է 1934-ին:

Մեկնած է Լիոն, Ֆրանսա, մասնագիտացած է  ակնաբուժութեան մէջ: Վերադարձած է Հալէպ եւ գործած է իր հօր եւ քեռիին` Ճէպէճեան-Յովնանեան հիւանդանոցին մէջ:

1938-1939 եւ 1946-1947 այցելած է Ֆրանսա` վերապատրաստման դասընթացքներու հետեւելու համար:

1948-ին Հալէպի մէջ հիմնած է Ճէպէճեան ակնաբուժական նախնական հիւանդանոցը:

1950-ին հիմնած է Ճէպէճեան ակնաբուժական 20 անկողին ունեցող կատարելագործուած հիւանդանոցը` Հալէպի Սեպիլ շրջանին մէջ, ուր գործած է մինչեւ իր մահը, 2000-ին:

Հալէպի Ճէպէճեան հիւանդանոց

Այս հիւանդանոցը դարձած է մասնագիտական կեդրոն` Հալէպի շրջանաւարտ բժիշկներու համար:

Ճէպէճեան ակնաբուժական հիւանդանոցը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Հալէպի առողջապահական մարզին մէջ եւ օգտակար հանդիսացած` Հալէպի հայ եւ ոչ հայ ժողովուրդին:

1947-ին կը կատարէ աչքի եղջերաթաղանթի պատուաստում, որուն իբրեւ արդիւնք` Սուրիոյ մէջ նախագահական հրամանագրով օրէնք կը հաստատուի մահացած անձի մը աչքին հեռացումը-վերացումը` ողջ անհատի մը վրայ աչքի եղջերաթաղանթային պատուաստում կատարելու համար (Transplantation):

1950-ին Հալէպի մէջ իր ջանքերով բացուած է կոյրերու «Ապու Ալա ալ-Մաարի» դպրոցը:

1970-ին իր թեկնածուականը (thesis) պաշտպանած է Երեւանի մէջ եւ դարձած` բժշկական գիտութիւններու թեկնածու:

Բժիշկ Ռոպերթ Ճէպէճեան եղած է մտաւորական: Հեղինակած է  «Հալէպի մեծանուն բժշկապետ Ա. Ա. Ալթունեան եւ իր գործը» հատորը, որ հրատարակուած է Հալէպի մէջ, 1962-ին: Հետաքրքրուած է կերպարուեստով եւ գծած է երկար տարիներ:

Իր նախաձեռնութեամբ Հայաստան տեղափոխուած են նկարիչներ` Արմիսի եւ Ժիրայր Օրագեանի որոշ գործերը, բազմաթիւ ձեռագիրներ, հնատիպ գիրքեր, հայկական ժանեակներու հաւաքածոյ:

Հեղինակն է նաեւ «Ինքնակենսագրութիւն, յուշեր եւ գործունէութիւններ» երկին եւ «Ալպոմ Հալէպի հայ գաղթականներու հիւղաւանին» պատկերազարդ հատորին, որ հրատարակուած է 1986-ին, Հալէպ:

Ալպոմ Հալէպի հայ գաղթականներու հիւղաւանին

1955-ին Զարեհ Գաբլանի հետ հիմնած է Հալէպի «Մարտիրոս Սարեան» նկարչական ակադեմիան: Եղած է հայրենասէր, ազգասէր եւ լուրջ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատին նկատմամբ:

1979-ին մեծարուած է Հայաստանի ակնաբուժներու միութեան կողմէ եւ ստացած է «Պատուոյ անդամ» կոչումը:

Բժիշկ Ռոպերթ Ճէպէճեան մահացած է Հալէպ, 2000-ին:

Մոնրէալ, 1 մարտ 2023

—————————–

Աղբիւրներ.

1.- Վիքիփետիա, տոքթոր Ռոպերթ Ճէպէճեան:

2.- Հարպոյեան, բժիշկ, Կարպիս, բժիշկ Ռոպերթ Ճէպէճեան, «Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին» (յաւելուած), «Բժիշկին Զ. խօսքը», բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Մոնրէալ, 2022:

3.- Ճէպէճեան, Հրայր, դոկտ., «Յուշեր, ապրուած կեանքեր ու տակաւին», Մասսիս Փոսթ, 25 ապրիլ 2019:

4.- Քէշիշեան, Ալեքսան, բժիշկ, «Լրացաւ վարպետիս` բժշ. Ռոպերթ Ճէպէճեանի ծննդեան 100-ամեակը» (1909-2009), Հայ Ֆորըմ, 30 յուլիս 2009:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (4 Մայիս 2023)

Յաջորդը

Համակարգը, Որ Կ՛ուզենք Կերտել

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.