Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վետանթ Փաթել 2 մայիսին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Ուաշինկթընի մէջ ընթացող բանակցութիւններու մասին հարցումներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայն»-ը:
Փաթել իր խօսքին մէջ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս պահուն որեւէ յաւելեալ տեղեկութիւն չունի տրամադրելիք: Ան ընդգծած է կողմերուն միջեւ ուղիղ երկխօսութեան կարեւորութիւնը` լուծումի հասնելու համար, եւ շեշտած, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ խաղաղութեան հոլովոյթին եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ ապագայի խթանման:
Ի պատասխան լրագրողի հարցումին, թէ որո՞նք ընդգրկուած են Ուաշինկթընի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ, արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշած է. «Բանակցութիւններուն մասնակից երկու երկիրները իրենք պիտի խօսին իրենց պատուիրակութիւններուն մասին: Ամերիկեան կողմէն մենք ունինք շարք մը պաշտօնատարներ, որոնք խորապէս ներգրաւուած են այս հարցին մէջ: Ակնյայտօրէն, կովկասեան բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնոն խորապէս ներգրաւուած է ո՛չ միայն այս հանդիպումներուն ծիրին մէջ, այլ նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ իր շարունակական ներգրաւուածութեան միջոցով: Ինչպէս գիտէք` արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն երէկ առաւօտեան մասնակցած է լիագումար նիստին, իսկ կիրակի երեկոյեան հիւրընկալած է նախարարները ընթրիքի ընթացքին: Այսպիսով, մենք պիտի շարունակենք խորապէս ներգրաւուած մնալ այստեղ», ըսած է ան:
Փաթել մերժած է պատասխանել այն հարցումին, թէ արդեօք Պլինքըն կը պատրաստուի՞ դարձեալ հանդիպելու կողմերուն հետ` նշելով. «Ես չեմ ուզեր յառաջ անցնիլ այս շաբթուան ժամանակացոյցէն»: Ան նաեւ չէ տրամադրած որեւէ մեկնաբանութիւն ընթացող բանակցութիւններու հաւանական արդիւնքներուն եւ սպասումներուն վերաբերեալ` շեշտելով. «Մենք մեկնաբանութիւն կատարելէ առաջ պիտի սպասենք այս հոլովոյթի աւարտին»:
Զախարովա Կը Մեկնաբանէ Ամերիկեան Միջնորդութեամբ Միրզոյեան–Պայրամով Բանակցութիւնները
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ ընթացող հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններուն նկատած է, որ բանակցութիւնները կ՛ընթանան առանց Ռուսիոյ մասնակցութեան, ուստի այնտեղ կատարուող հոլովոյթի մանրամասնութիւններուն վերաբերեալ մեկնաբանութիւններ պէտք է կատարէ ոչ թէ Մոսկուան, այլ մասնակից երկիրները: Ըստ անոր, երբ մասնակիցները մեկնաբանութիւն կատարեն, Ռուսիան եւս պիտի կարենայ կարծիք ձեւաւորել եւ այս հարցին շուրջ արտայայտուիլ:
«Մենք առաջուան պէս յանձնառու ենք 2020-2022-ի ընթացքին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու բոլոր կէտերու կեանքի կոչման», ըսած է Զախարովա:
Ինչ կը վերաբերի Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի հեռանկարին, ապա Զախարովա նշած է, որ նախորդ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին եւս յայտարարած էր, որ Մոսկուան պատրաստ է. պատրաստակամութիւն յայտնած են նաեւ Երեւանն ու Պաքուն: «Ժամկէտներու մասին պիտի յայտնենք աւելի ուշ», ըսած է Զախարովա:
Ալիեւ. «Յոյսով Եմ, Որ Ուաշինկթընի Մէջ Բանակցութիւնները Եթէ Ոչ Արդիւնքի, Ապա Գոնէ Տեսանելի Յառաջընթացի Կը Յանգեցնեն»
Պաքուն յառաջընթացի յոյս ունի Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններէն: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` բռնագրաւեալ Շուշիի մէջ տեղի ունեցած միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին խօսք արտասանելով:
«Յոյսով եմ, որ Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւնները եթէ ոչ արդիւնք, ապա գոնէ տեսանելի յառաջընթաց պիտի բերեն», ըսած է Ալիեւ:
Ան նշած է, որ Պաքուն Երեւան ուղարկած է խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի չորս տարբերակներ, որոնց պատասխանը ստացած է Միացեալ Նահանգներու մէջ հանդիպումէն ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ: Անոր համաձայն, առանց ատոր Ուաշինկթընի մէջ նախարարներու հանդիպումը անօգուտ պիտի ըլլար:
Ազրպէյճանի ղեկավարը միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ «գոյութիւն չունեցող» Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին մէջ ներառելու որեւէ փորձ հակաարդիւնաւէտ է:
Ալիեւ նաեւ յայտարարած է, որ Երեւանի կողմէ կառուցողական մօտեցման բացակայութեան պարագային երկիրներու միջեւ խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն պիտի չըլլայ:


