Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Պաքուէն Եւ Երեւանէն Խնդրած Է Քննել` Ինչպէ՛ս Լաւագոյնս Պաշտպանել Արցախի Բնակչութեան Իրաւունքներն Ու Անվտանգութիւնը

May 4, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթըն Պաքուէն ու Երեւանէն խնդրած է քննել` ինչպէ՛ս լաւագոյնս պաշտպանել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը: Այս մասին յայտնած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն` պատասխանելով «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հարցումին, թէ արդեօք այս օրերուն Ուաշինկթընի մէջ ընթացող հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղին առնչուող հարցեր կը քննարկուի՞ն:

Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներուն ու անվտանգութեան հարցը առանցքային է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապին մէջ:

«Չափազանց շատ կեանքեր խլած ու շատ երկար տեւած տագնապին տեւական լուծում գտնելու միակ ուղին այն է, որ ի վերջոյ մարդիկ իրենք զիրենք իրենց տուներուն մէջ ապահով զգան, եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանուած ըլլան», յայտնած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին «երկարատեւ եւ կայուն համաձայնութեան, որ խաղաղութեան հիմք կրնայ դնել»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը միեւնոյն ժամանակ կ՛ընդգծէ, որ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համաձայնութեան ծիրը, բնոյթն ու բովանդակութիւնը պէտք է կողմերը որոշեն. «Ուաշինկթըն պատիւ ունի հիւրընկալելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները, մինչ անոնք կ՛աշխատին խաղաղութեան ուղղութեամբ: Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն յանձնառու մնալ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ ապագան յառաջ մղելու նպատակին: Կողմերու ուղիղ երկխօսութիւնը երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու եւ խնդիրները լուծելու բանալին է:

«Յարաբերութիւնները կարգաւորելու համաձայնութեան ծիրն ու բնոյթը կողմերու գործն է: Մեր նպատակն է տրամադրել տարածք, ուր կրնան տեղի ունենալ երկկողմանի քննարկումներ, եւ կողմերը կրնան միասին կատարել իրապէս դժուար աշխատանքը` երկարատեւ խաղաղութեան ուղղութեամբ յառաջընթաց արձանագրելու համար: Համաձայնութեան մէջ ի՛նչը կրնայ տեղ գտնել, եւ ի՛նչը` ոչ` կողմերուն վերաբերող հարց է»:

 

 

Նախորդը

Ստեփանակերտ-Շուշի Ճանապարհի Հատուածին Մէջ Խաղաղ Ցոյց` Ազրպէյճանական Ապօրինի Անցակէտը Հեռացնելու Պահանջով

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Կը Շարունակեն Հաւատարիմ Մնալ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հոլովոյթին» Կ՛ըսէ Փաթել

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.