Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուխարի Նախագահական Ընտրութեան Հարցը Քննարկեց Պըրրիի, Միւֆթի Տըրիանի Եւ Ժահժահի Հետ

May 4, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:

Այն Թինէէն մեկնումի պահուն Պուխարի շեշտեց, որ Ռիատ անհրաժեշտ կը նկատէ ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիա կը փափաքի, որ Լիբանան ունենայ կարողութիւններ ունեցող նախագահ մը, որ կրնայ իրագործել լիբանանցիներուն ձգտումները:

Պուխարի շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն նախագահական դատարկութեան փուլը, որ կը սպառնայ լիբանանցիներուն կայունութեան եւ միասնականութեան:

Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան թեկնածուի մը զօրակցելու առումով ինք միայն Ա. ընտրանքին կը հաւատայ եւ անով համոզուած կ՛ըլլայ, առանց Բ., Գ. կամ Դ. ընտրանքներ ունենալու:

Այլ խօսքով` Պըրրի շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի միայն նախագահական իր թեկնածուին` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի, եւ միտքին մէջ այլընտրանք չունի:

Տար Ֆաթուայի Մէջ

Պուխարի այցելեց նաեւ Տար Ֆաթուա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք Տըրիան ընդգծեց Լիբանանի, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհին ու միջազգային իրականութեան մէջ Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութեան կարեւորութիւնը:

Ան հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւնը եւ Լիբանանի կայունութիւնը, բարգաւաճումը եւ յառաջդիմութիւնը նախ լիբանանցիներուն պատասխանատուութիւնն են եւ ապա արաբական բարեկամ եւ եղբայր երկիրներուն, որոնք կ՛օժանդակեն, երբ երկրին հարցերը լուծելու ու քաղաքացիին շահերը ապահովելու իմաստով լիբանանեան կամքը անկեղծ է եւ լուրջ :

Միւֆթի Տըրիան կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարով զբաղող քաղաքական գործիչներուն շրջանցելու իրենց անձնական շահերը եւ մտածելու միայն ազատ, անկախ եւ արաբական ինքնութիւն ունեցող Լիբանանի շահերուն մասին:

Ան նշեց, որ Տար Ֆաթուա կ՛ողջունէ ներքին եւ արտաքին որեւէ ջանք` վերջ տալու համար լիբանանեան տագնապին, որուն ընթացքին քաղաքացին տնտեսական, ընկերային եւ  ապրուստի իր պայմաններուն համար շատ սուղ կը վճարէ:

Տըրիան հաստատեց, որ Լիբանան եւ լիբանանցիները յանձնառու են Սէուտական Արաբիոյ ու անոր ղեկավարութեան հետ եղբայրական յարաբերութեան եւ գործակցութեան` պահպանելու համար Լիբանանը եւ անոր արաբական դերակատարութիւնը` այս շրջանին մէջ:

Հանդիպումէն ետք Պուխարի կատարեց թուիթըրեան գրառում մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Տըրիանի հետ քննարկած են լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարն ու նախագահական ընտրութիւնը կատարելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ միացեալ հարցեր:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պուխարի այցելեց Մաարապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի:

Նախորդը

«Հասարակ Յայտարարներ Տակաւին Կան, Եւ Կարելի Է Զանոնք Զարգացնել» Շեշտեց Պու Սաապ

Յաջորդը

Մենենտեզ Քննադատած Է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան Ղեկավարը` Արցախի Ժողովուրդի Դիմագրաւած Ճգնաժամին Ուշ Արձագանգելուն Համար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.