Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ այցելեց Մաարապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ: Ներկայ էր նաեւ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշի:
Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ հանդիպումը լաւ էր` աւելցնելով, որ Ժահժահի մօտ շօշափած է բոլորը ընկալելու պատրաստակամութիւն, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն միջեւ հասարակ յայտարարները պահպանելու նախանձախնդրութիւն, նոյնիսկ եթէ ան տարբեր կեցուածքներ ունի` կարգ մը հարցերու շուրջ:
«Լիբանանցիներուն միջեւ հասարակ յայտարարներ տակաւին կան, եւ կարելի է զանոնք զարգացնել», ըսաւ Պու Սաապ:
Սայֆիի Մէջ
Պու Սաապ այցելեց նաեւ Սայֆի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլի հետ:
Քննարկուեցաւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը, որուն շրջագիծին մէջ Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենց հարցը Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ չէ, այլ անոր քաղաքական ուղեգիծին, որուն հետեւանքը այսօր տիրող իրավիճակն է:
Ժեմայէլ նշեց, որ իրենց համար ասիկա մահուան ընտրանք է, որուն դէմ պիտի պայքարին` իրենց բոլոր կարողութիւններով: Ան զգուշացուց, որ նախորդ տարիներու ընթացքը վեց տարիով երկարաձգել մահուան եւ բռնագաղթի որոշում է:
«Հարցը այն է, որ ոմանք կ՛ուզեն իրենց փոխարէն որոշել եւ զարգացումի որեւէ կարելիութիւն արգիլել: Իսկ եթէ որոշուի նոր էջ մը բանալ եւ լիբանանցի ժողովուրդին հետ վարուելակերպը փոփոխութեան ենթարկել, ապա մենք կ՛ողջունենք որեւէ քայլ, որ մեզի կ՛առաջնորդէ դէպի յոյսը, եւ բաց ենք որեւէ նախաձեռնութեան, որուն այս կամ այն գործընկերը կը ձեռնարկէ», ըսաւ Ժեմայէլ:
Իր կարգին, Պու Սաապ յայտնեց, որ կարելի չէ անժամկէտ սպասել` աւելցնելով, որ ոմանք գրաւի կու գան, թէ ինք առած է այնպիսի քայլ մը, որ ապարդիւն դուրս պիտի գայ, «բայց եւ այնպէս ոչ մէկ քայլ առնելը շատ աւելի վատ է», ըսաւ ան:


